ՓՈԽԱՆ ՀԱՆՐԱՔՈՒԷԻ
Հայաստանի Ազգային ժողովը երէկ հաւանութիւն տուաւ երկրի Սահմանադրութիւնը փոփոխութեան ենթարկելու։ Խորհրդարանէ ներս 89 պատգամաւորներու ձայնով իրաւական կարեւոր տնօրինութիւն մը կատարուեցաւ՝ Սահմանադրական ատեանի վերաբերեալ։ Ինչպէս ծանօթ է, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ գլխաւորուած իշխանութիւնները երկար ժամանակէ ի վեր լուրջ տարակարծութիւններու մէջ էին Սահմանադրական ատեանի նախագահ Հրայր Թովմասեանի հետ։ Այս վերջինը թիրախաւորուած էր ու կը պահանջուէր հրաժարականը։ Իշխանութիւնները հանրաքուէ մը նախատեսած էին Սահմանադրական ատեանի վերաբերեալ տնօրինութիւններ կատարելու համար, սակայն, վրայ հասած էր քորոնաժահրի համաճարակը։ Նոյնիսկ քարոզարշաւը սկսած հանրաքուէն իրականացնել կարելի չէր եղած։ Հայաստանի իշխանութիւնները աւելի վերջ յարմար նկատեցին հրաժարիլ հանրաքուէի կազմակերպումէն եւ խորհրդարանէն ներս լուծում մը գտնել Սահմանադրական ատեանի վերաբերեալ խնդիրներուն՝ ըստ իրենց նախընտրած ձեւին։ Երէկ, ի վերջոյ, խորհրդարանի արտահերթ նիստի մը ձեւաչափին մէջ երկրի Սահմանադրութիւնը ենթարկուեցաւ փոփոխութեան եւ կեանքի կոչուեցան Սահմանադրական ատեանի վերաբերեալ տնօրինութիւններ։ Այժմ խորհրդարանի որոշումը պէտք է վաւերացուի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ։ Հարկ է նշել, որ այս իրադարձութիւնն ալ ստեղծած է լուրջ աղմուկ ընդդիմութեան շարքերէն ներս։ Երեւանեան աղբիւրներու հաղորդումներով, Ազգային ժողովը 89 թեր, 0 դէմ ձայնով, երկրորդ ընթերցումով եւ ամբողջութեամբ ընդունեց Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու նախագիծը։
Ընդունուած օրինագիծով կը դադրեցուին Սահմանադրական ատեանի դատաւորներ Ալվինա Կիւլումեանի, Ֆելիքս Թոխեանի եւ Հրանդ Նազարեանի պաշտօնավարութիւնը, իսկ Սահմանադրական ատեանի ներկայի նախագահ Հրայր Թովմասեան կը շարունակէ պաշտօնավարել՝ իբրեւ Սահմանադրական ատեանի անդամ:
Մինչ այդ, ըստ 2015-ին ընդունուած եւ ներկայիս գործող Սահմանադրութեան, Սահմանադրական ատեանի անդամները կը պաշտօնավարեն 12 տարի, իսկ ատեանի նախագահութեան պաշտօնը՝ վեց տարի, մէկ անգամուան համար:
Ազգային ժողովը որոշեց Սահմանադրութեան փոփոխութեան վերաբերող հարցով չդիմել Սահմանադրական ատեան:
Սահմանադրութեան փոփոխութիւնները ուժի մէջ կը մտնեն նախագահին ստորագրութենէն ետք, երբ անիկա պաշտօնապէս հրապարկուի:
Խորհրդարանի նիստերուն կը մասնակցէր միայն «Իմ քայլը» խմբակցութիւնը: «Բարգաւաճ Հայաստան» եւ «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութիւնները յայտարարած էին, որ պիտի չմասնակցին Ազգային ժողովի արտահերթ նիստերուն: