ԵՐԷԿ ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆ ՄՈՒՏՔ ԳՈՐԾԵԼ ՅԱՋՈՂԱԾ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺԵՐՈՒ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ՝ շաբաթավերջի արտահերթ ընտրութեան արդիւնքով խորհրդարան մուտք գործել յաջողած քաղաքական ուժերու ղեկավարներուն հետ։ Այսպէս, ան շնորհաւորեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, որու ղեկավարած «Քաղաքացիական  պայմանագիր» կուսակցութիւնը մեծամասնութիւն ապահոված է խորհրդարանէն ներս։ Նախագահ Սարգսեան հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ նաեւ խորհրդարան մուտք գործած «Հայաստան» դաշինքի ղեկավար Ռոպերթ Քոչարեանի եւ «Պատիւ ունիմ» դաշինքի ցուցակը գլխաւորած Արթուր Վանեցեանին հետ։

Մինչ այդ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ իսկ սկսաւ իրերայաջորդ հանդիպումներ ունենալ ընտրութիւններուն մասնակցութիւն բերած, սակայն խորհրդարան մուտք գործել չյաջողած զանազան քաղաքական ուժերու ղեկավարներուն հետ։ Այսպէս, օրուայ ընթացքին ան տեսակցեցաւ «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան առաջնորդ Արամ Սարգսեանի (նախկին վարչապետ), «Արդար Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ Նորայր Նորիկեանի, «Քրիստոնեայ-ժողովրդավարական» կուսակցութեան ղեկավար Լեւոն Շիրինեանի, «Քաղաքացիի որոշում» կուսակցութեան ներկայացուցիչ Սուրէն Սահակեանի, «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար Էտմոն Մարուքեանի, «Յանուն Հանրապետութեան» կուսակցութեան ղեկավար Արման Պապաճանեանի եւ «Ազատական» կուսակցութեան թեկնածուներու ցուցակը գլխաւորած Սամուէլ Պապայեանի հետ։ Հարկ է նշել, որ Հայաստանի մէջ մամուլը հաւանական կը նկատէ այս վերջնոյն պաշտպանութեան նախարար նշանակուիլը։ Երկրի մամուլը յետընտրական շրջանին վերաբերեալ այլ կանխատեսումներու մասին ալ կը գրէ։ Այսպէս, ըստ որոշ տեղեկութիւններու, Նիկոլ Փաշինեան յառաջիկայ աշնան՝ հաւանաբար սեպտեմբերին, ստորագրէ համաձայնագիր մը, որով պիտի ճանչնայ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը։

Ռուսաստանի լրատուամիջոցներն ալ կ՚անդրադառնան Հայաստանի ընտրութիւններու արդիւնքին։ Այսպէս, ըստ «Քոմերսանտ»ի, ժողովուրդը թէ՛ պարտութեան եւ թէ նուաստացման համար ներած է Փաշինեանին, սակայն, զիջումներն ու նուաստացումները դեռ նոր կը սկսին։ Այսպէս, ըստ Մաքսիմ Եուսինի վերլուծութեան, Փաշինեանի կուսակցութեան տարած անվերապահ յաղթանակը Մոսկուայի մէջ անակնկալի մատնած է շատերը։ Ըստ իրեն, Փաշինեանի դէմ պայքարելու ժամանակ Հայաստանի ընդդիմութիւնը չէ կարողացած նոր դէմքեր գտնել եւ սա եղած է իր բուն խնդիրը։ «Որքան որ ալ դուրսէն նայելով անտրամաբանական, ծիծաղելի եւ մազոշիստ թուի՝ սա եղած է ժողովուրդի ընտրութիւնը», գրած է ռուս վերլուծաբանը, որու համոզմամբ, հայ ժողովուրդին կարելի է բան մը խորհուրդ տալ՝ հնարաւորինս շուտ ազատուիլ պատրանքներէ։ «Նուաստացումները, զիջումները, փոխզիջումները չեն վերջանար։ Թերեւս անոնք տակաւին նոր կը սկսին։ Սա է ճակատագիրը այն բոլոր պետութիւններու եւ ժողովուրդներու, որոնք պարտուած են պատերազմի մէջ։ Չկան բացառութիւններ եւ հրաշքներ։ Վաղ թէ ուշ ստիպուած պիտի ըլլան զիջումներու երթալ Պաքուի հետ թէ՛ սահմանային հարցերու մէջ եւ թէ փոխադրութեան միջանցքի երկայնքով։ Այդ մէկը պէտք է անցնի Հայաստանով՝ Նախիջեւանը կապելով մնացեալ Ատրպէյճանի հետ։ Այս բոլորը այդ իսկ զիջումներն են, որոնց Փաշինեան համաձայնեցաւ ռազմական գործողութիւններու դադրեցման մասին պայմանագիրը կնքելու ժամանակ։ Տհաճ է, զզուելի, նուաստացուցիչ, բայց այդ կէտերուն պէտք է հետեւիլ։ Եւ ասոր համար, թերեւս առանց գիտակցելու, քուէարկեցին այն մարդիկ, որոնք Փաշինեանին յաղթանակ պարգեւեցին ընտրութիւններուն մէջ», նշած է ռուս վերլուծաբանը։

Նոյնպէս «Քոմերսանտ»ի մէջ ռուս ակադեմական Ալեքսանտր Կուշչինն ալ նշած է, որ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ առճակատման նուազումը պէտք է դիւրացնէ Ատրպէյճանի ներգրաւումը Եւրոասիոյ համարկման գործընթացներուն։

Չորեքշաբթի, Յունիս 23, 2021