ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐԸ…

Եկէք գոնէ հիմա իրատես ըլլանք. կիրակի տեղի ունեցած ընտրութիւններուն Փաշինեանի յաջողութիւնը հնարաւոր չէ բացատրել միայն ընտրակեղծիքներով եւ վարչական պաշարներով։ «Յաւելեալ պոնուս» իշխանութիւնը միշտ կը ստանայ եւ, ի դէպ, այդ է պատճառը, որ իշխանութիւնը Հայաստանի մէջ հնարաւոր չէ փոխել ընտրութիւններու միջոցաւ։ Բայց, մասնագէտներու պնդումով, այս «պոնուս»ը ընտրողներու մօտաւորապէս 10-15 տոկոսն է։ Եթէ նոյնիսկ անոնք հանենք, ապա միեւնոյնն է, կը ստացուի, որ մօտաւորապէս կէս միլիոն ընտրող միանգամայն անկեղծօրէն եւ բացառապէս իր կամքով ձայնը տուած է այն ուժին, որ երկիրը հասցուցած է ամօթալի պարտութեան եւ ազգային նուաստացման։ Թէ ինչո՞ւ տեղի ունեցած է այս բանը, բնականաբար, յօդուածի մը կամ նոյնիսկ գիրքի մը նիւթը չէ։ Այստեղ փորձեմ երկու նախնական նկատառում յայտնել։

Առաջին պատճառը, որ իրաւացիօրէն կը նշուի շատերու կողմէ, այն է, որ որպէս Փաշինեանի հիմնական մրցակից կ՚ընկալուէր Ռոպերթ Քոչարեան, իսկ Հայաստանի երկրորդ նախագահին հանդէպ հասարակական վերաբերմունքը հիմնականին մէջ բացասական է։ Քոչարեանի անունը մարդիկ կը կապեն անազնիւ ճանապարհով ձեռք բերուած միլիոնաւոր տոլարներու, հոկտեմբերի 27-ի, մարտի 1-ի եւ այլ շատ դառն յիշողութիւններու հետ։ Չեմ գիտեր, թէ այս բոլոր մեղադրանքները որքանով հիմնաւորուած են. յամենայնդէպս 2008 թուականի մարտի 1-ին տասն հոգի իսկապէս սպաննուած է Երեւանի փողոցներուն մէջ եւ այդ ժամանակ երկրի ղեկավարը Քոչարեանն էր։ Գուցէ ան ինքզինք պատասխանատու, բայց մեղաւոր չի զգար, բայց այդ արդարացումները գոնէ ինձ համար համոզիչ չեն։ Բացի վերը թուարկուածէն, Ռոպերթ Քոչարեան զանազան մարդոց մօտ զանազան բացասական ածանցումներ կը յառաջացնէ, ներառեալ՝ ինձ մօտ։ Բայց ես, բացի Փաշինեանէն եւ Քոչարեանէն կը տեսնէի նաեւ այլ քաղաքական ուժեր, իսկ մեր ընտրողներու մեծ մասը չէր տեսներ։ Այնպէս չէ, իմ կարծիքով, որ անոնք Փաշինեանը հանճար ղեկավար մը կը համարեն։ Բայց անոնք աւելի շատ կը վախնան Քոչարեանի վերադարձէն, քան Փաշինեանի վերարտադրութենէն։ Ներկայ իշխանութեան յաջողութեան մէկ այլ պատճառը այն է, որ ընդդիմադիր քաղաքական ուժերը իրական շփման մէջ չէին մտներ ընտրողներու հետ՝ անկախ այն հանգամանքէն, որ ձեւականօրէն ընտրարշաւ կը կատարէին։ Իսկ հոգու խորքին մէջ, երբեմն նաեւ համացանցի վրայ, անոնք ընտրողները կը բնութագրէին՝ որպէս «կեղտ»։ Վստահութեան քուէ «կեղտ»էն ուզելը համաձայնինք, քիչ մը տարօրինակ է։ Այո, «մեծամասնութեան ստուերին տակ» մարդիկ ինքզինքնին աւելի ապահով, աւելի յարմարաւէտ կը զգան։ Սա բնականոն է, օրինաչափ է, մեղադրել զանոնք եւ հոգու խորքին մէջ կարծել, թէ «ահա ես այդպիսին չեմ»՝ աններելի մեծամտութիւն է։ Իշխանութիւնը վերարտադրուեցաւ, բայց սա ամենեւին չի նշանակեր, որ անոր համար հեշտ պիտի ըլլայ պետութիւն ղեկավարելը։

*

Քաղաքական ճգնաժամը Հայաստանի մէջ չէ աւարտած եւ չէր կրնար աւարտիլ՝ անկախ այն բանէն, թէ ով պիտի յաղթէր ընտրութիւններու մէջ։ Պատճառները քանի մը հատ են, կ՚առանձնացնեմ երեքը։

1- Չի կրնար քաղաքական կայունութիւն ըլլալ պետութեան մը մէջ, որ ընդամէնը կէս տարի առաջ կորսնցուցած է Արցախի՝ հայկական վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքի 70 տոկոսը, որ տուած է 3700 զոհ (պաշտօնական տուեալներով), որ չի կարողանար պաշտպանել իր սահմանները եւ այս առումով յոյսը դրած է այլ պետութեան մը բարեհաճութեան վրայ։

2- Չի կրնար քաղաքական կայունութիւն ըլլալ, եթէ ընտրութիւններուն մէջ պաշտօնական տուեալներով պարտուած ուժը չ՚ընդունիր պարտութիւնը եւ հետեւաբար, կրնայ փողոց դուրս բերել իր հսկայական ընտրազանգուածը՝ գումարած դարձեալ հազարաւոր մարդիկ, որոնք այս կամ այն պատճառով չեն գացած ընտրութիւններուն։

3- Չի կրնար քաղաքական կայունութիւն ըլլալ, եթէ կայ կառավարման ճգնաժամ։ Իսկ նման ճգնաժամ չի կրնար չյառաջանալ՝ հաշուի առնելով ներկայ իշխանութեան բնոյթը։ Բերեմ պարզ օրինակը։ 2018 թուականի յեղափոխութենէն յետոյ նոր իշխանութիւնը կատաղի յարձակումներ իրականացուցած է բանակի դէմ՝ վարկաբեկելով կեներալները, սպաները, առաջին պատերազմի հերոսները։ Սակայն այն տատիկները, որոնք ընտրարշաւի ժամանակ կը համբուրէին Փաշինեանի ձեռքը (մեծագոյն յարգանքս այդ կանանց հանդէպ), չեն կրնար ռազմագործողութիւններ իրականացնել, չեն կրնար ղեկավարել մարտական ստորաբաժանումները։ Անոնք կրնար միայն հիանալ այն բանով, որ զօրամասերէն ներս զինուորները սկսած են ելակ ուտել։ Բանակի հանդէպ նման վերաբերմունքի հետեւանքները յայտնի են։ Ընտրարշաւի ժամանակ նոյնպէս վարչապետի պաշտօնակատարը հարուածներ կը հասցնէ բանակին. օրինակ՝ շաքարեղէններու մասին պատմութիւններով՝ չհասկնալով, որ այդպէսով կը թուլացնէ մեր պաշտպանունակութիւնը, մեծ հաշուով կը թուլացնէ ինքն իսկ՝ որպէս պետութեան ղեկավար։

Բայց նոյնը կը վերաբերի ուսուցչին, դասախօսին, գիտնականին, որոնց Փաշինեան կը շարունակէր հարուածել։ Ան ինչպէ՞ս կը պատկերացնէ պետութեան ապագան, եթէ այդ մասնագիտութիւններով մարդիկ որեւէ ձեւով չկարողանան ազդել իշխողներու վրայ, չկարողանան ուղղորդել անոնց գործողութիւնները։ Այդ թշնամանքը կը տանի դէպի փակուղի։ Չեն կրնար բոլոր մասնագէտները փոխարինուիլ «Քաղաքացիական պայմանագիր»ականներով կամ չէզոք մարդոցմով։ Ենթադրենք, Երեւանի Պետական համալսարանի իրաւագիտութեան, արեւելագիտութեան եւ պատմութեան «ոչ-հաւատարիմ» դասախօսները «վռնտուին» (եթէ վարչապետի բառը օգտագործենք) եւ տեղը բեր-ւին հաւատարիմ «Քաղաքացիական պայմանագիր»ականներ։ Սա կը բարձրացնէ՞ մեր կրթութեան որակը։ Աւելի ծայրայեղ օրինակ մը բերեմ. Քոչարեանին աջակցող նամակը, ի թիւս այլոց, ստորագրած է նշանաւոր երաժիշտ, «Կոմիտաս» լարային քառեակի ղեկավար Էտուարտ Թադէոսեան։ Եթէ յեղափոխականները փրոֆեսէօր Թադէոսեանէն ջութակը խլեն եւ փոխանցեն ոեւէ «Քաղաքացիական պայմանագիր»ականի՝ այդ կուսակցականը դժուար թէ ուրախացնէ երաժշտասէրները։ Կուսակցական տոմսը մարդը ջութակահար չի դարձներ։ Համարէք սա այլաբանութիւն։

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Համադրութիւն՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի 22 եւ 23 յունիս 2021 թուականի խմբագրականներու

Չորեքշաբթի, Յունիս 23, 2021