ՎԵՐՍՏԻՆ ՄՏԱԾԵԼ

Փրոֆ. Քեմալ Չիչէք, որ Թուրք պատմութեան հիմնարկէն ներս անցեալին հայկական բաժանմունքը կը գլխաւորէր, յօդուած մը գրի առած է «The Independent»ի թրքերէն տարբերակին համար։ «Ժամանակը եկած է ու կ՚անցնի՝ հայ-թրքական յարաբերութիւնները անցեալի գրաւէն փրկելու եւ պղտոր յիշողութեան գերի չդարձնելու համար», նշած է ան յօդուածին մէջ։ Փրոֆ. Քեմալ Չիչէք պատմաբան մըն է, որ երկար ժամանակէ ի վեր կ՚աշխատի հայկական հարցին վրայ եւ առաւել չափով կը հետեւի պաշտօնական գաղափարախօսութեան դպրոցին։ Անգլիական յառաջատար լրատուամիջոցին համար գրի առած յօդուածին մէջ ան խօսած է հայ-թրքական յարաբերութիւններուն շուրջ վերստին մտածելու մասին։ Քեմալ Չիչէք այս առթիւ մէջբերած է նաեւ Թուրքիոյ հայոց նախկին պատրիարք երջանկայիշատակ Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի կողմէ 2007 թուականին Թեքսասի մէջ կազմակերպուած խորհրդաժողովի մը ժամանակ արտայայտուած կարգ մը միտքերը։

Պատմաբանը յօդուածին մէջ մանրամասնութիւններ փոխանցած է իր մարդկային զանազան փորձառութիւններուն շուրջ, որոնք կը վերաբերին, ըստ էութեան, դէպի Երեւան այցելութեան եւ TRT-ի համար պատրաստուած վաւերագրականի մը համար շուրջ յիսուն սփիւռքահայու հետ կատարուած հարցազրոյցի։ Ան համոզուած է, թէ առանց խօսելու հնարաւոր չէ առերեսուիլ 1915-ի դէպքերուն հետ։ Յօդուածագիր պատմաբանը արձանագրած է նաեւ, որ մասնաւորապէս Լեռնային Ղարաբաղի վերջին պատերազմն ալ յարաբերութիւններուն մէջ բաւական լարուածութիւն յառաջացուցած է։

Փրոֆ. Քեմալ Չիչէք երկարապատում յօդուածին մէջ, ընդհանրապէս, 1915-ի դէպքերուն վերաբերեալ արտայայտած է պաշտօնական տեսակէտներու համահունչ մօտեցումներ։ Այս ամբողջին մէջ հետաքրքրական է, որ ան բաւական լայնօրէն սնուած է հայկական աղբիւրներէ եւ հայ հեղինակներու վկայութիւններէ։ Զանազան արխիւային փաստաթուղթեր ալ՝ որպէս տեսանիւթ կցուած են իր ծաւալուն յօդուածին։ Ան կը մատնանշէ, որ սխալ է լսումներու հիման վրայ պատմական անցեալ կառուցելը։

Որպէս վերջաբան՝ Քեմալ Չիչէք յիշեցուցած է, որ թուրքերն ու հայերը աւելի քան հազար տարուան համակեցութեան փորձառութիւն մը ունին։ Անոնց միջեւ բարիդրացիական յարաբերութիւններու հաստատումը հնարաւոր կրնայ ըլլալ՝ միայն հարցաքննելով այն յիշողութիւնը, որ քինախնդրութեան եւ ատելութեան հունտերու ցանումով սնուած է։ Եւրոպայի բազմաթիւ հաւաքականութիւններն ալ դարեր շարունակ զանազան պատճառներով դէմ յանդիման եկած են, սակայն այդ պատմական անցեալը չէ խոչընդոտած, որ անոնք միութեան մը հովանոցին ներքեւ կարողանան համախմբուիլ։ «Կովկասէ ներս ալ Թուրքիա, Ատրպէյճան եւ Հայաստան կրնան ապագայ մը կառուցել՝ խաղաղութեան, անդդորութեան եւ փոխադարձ համագործակցութեան մէջ», եզրափակած է Չիչէք։

Չորեքշաբթի, Յունիս 23, 2021