ԵԹԷ ԸԼԼԱՅ ԿԱՄՔ…
Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւ այս առաւօտ Պաքուի մէջ տեսակցեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ, որոնք այցելութիւն մը կ՚իրականացնեն դէպի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարով։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, քննարկուեցան ղարաբաղեան հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացի ներկայ փուլին եւ հեռանկարներուն վերաբերեալ խնդիրներ։
Ծանօթ է, որ միջնորդները նախընթաց օր այցելեցին Երեւան եւ անցան Վիեննա։ Պաքու անցնելու ժամանակ ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք նշեց, թէ բանակցային կարգաւորումը հնարաւոր է՝ կողմերու պատրաստակամութեան եւ կամքի գոյութեան պարագային։
Միւս կողմէ, Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Տանըլտ Թուսք երէկ Պաքուի մէջ հիւրընկալուեցաւ Ալիեւի կողմէ։ Պաքուի մէջ կազմակերպուած համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Թուսք ըսաւ. «ԵՄ կը վերահաստատէ իր մօտեցումը՝ ճանչնալով Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, անկախութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը։ ԵՄ ու անոր անդամակցող պետութիւնները նաեւ չեն ճանչցած Լեռնային Ղարաբաղը»։ Ան աւելցուց, որ հակամարտութեան գօտիէն ներս առկայ կարգավիճակը չի կրնար ըլլալ մնայուն։ ԵՄ-ի համար կը շարունակէ առաջնահերթութիւն մնալ ղարաբաղեան հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորումը։ Ըստ Թուսքի, ԵՄ կը շարունակէ աջակցիլ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի գործադրած բանակցային ջանքերուն։
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները սահմանի վրայ վերջին օրերուն աւելցած լարուածութեան մթնոլորտին մէջ տեղեկացուցին, թէ հայկական զօրքերը կը վերահսկեն իրադրութիւնը։ Իսկ Արցախի ղեկավարութիւնը կոչ ուղղեց, որպէսզի միջազգային հանրութիւնը սահմանային լարուածութեան մասին դիրքորոշում յայտնէ։ Ստեփանակերտի համոզմամբ, Ատրպէյճան պէտք է հասկնայ, որ իր գործողութիւնները անպատժելի չեն։