ՊԵԼԺԻՈՅ ՄԷՋ ԲԱՆԱՁԵՒ

Պել­ժիոյ Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու պա­լա­տը ե­րէ­կուան իր լիուա­գու­մար նիս­տին ըն­թաց­քին քննար­կեց հայ­կա­կան հար­ցին վե­րա­բե­րեալ այն բա­նա­ձե­ւը, որ նա­խա­պէս ար­ժա­նա­ցած էր Ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու յանձ­նա­ժո­ղո­վի հա­ւա­նու­թեան։ «Ֆլա­ման­տա­կան նոր դա­շինք» կու­սակ­ցու­թեան ե­րես­փո­խան­նե­րէն Փե­թէր Տը Ռու­վէ­րի կող­մէ հե­ղի­նա­կուած այս բա­նա­ձե­ւի բո­վան­դա­կու­թեան մէջ կոչ կ՚ուղ­ղուի, որ­պէս­զի Թուր­քիա ճանչ­նայ ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ հա­յոց տե­սա­կէտ­նե­րը։ 

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցած քննար­կում­նե­րէն վերջ, Պել­ժիոյ խորհր­դա­րա­նին մէջ այ­սօր քուէար­կու­թիւն տե­ղի կ՚ու­նե­նայ հայկական հարցին վերաբերեալ սոյն բա­նա­ձե­ւին հա­մար։

Հինգշաբթի, Յուլիս 23, 2015