ԱՅԼԵՒՍ ԹՈՂՈՒԼ ԶԷՆՔԵՐԸ

«Հիմ­նա­դիր խորհր­դա­րան» ընդ­դի­մա­դիր խմբա­ւոր­ման ձեր­բա­կա­լեալ ա­ռաջ­նորդ Ժի­րայր Սէ­ֆի­լեա­նի ա­զատ ար­ձակ­ման եւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի հրա­ժար­ման պա­հան­ջով Ե­րե­ւա­նի մէջ բռնկած դէպ­քե­րը կը շա­րու­նա­կեն ամ­բողջ Հա­յաս­տա­նի օ­րա­կար­գը բնո­րո­շել։ «Սաս­նայ ծռեր» կո­չուած զի­նեալ խումբ մը ար­դէն վեց օ­րէ ի վեր վե­րո­յի­շեալ պա­հանջ­նե­րով բռնագ­րաւ­ման տակ կը պա­հէ Ե­րե­ւա­նի ոս­տի­կա­նա­կան կեդ­րոն­նե­րէն մին։ Մայ­րա­քա­ղա­քի կեդ­րո­նին մեր­ձա­կայ Է­րե­բու­նիի մէջ Խո­րե­նա­ցի փո­ղո­ցին վրայ կ՚ապ­րուին ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներ, ո­րոնց կա­պակ­ցու­թեամբ օ­րե­րէ ի վեր կը հնչեն կո­չեր ու կը կա­տա­րուին խորհր­դա­ծու­թիւն­ներ։ «Սաս­նայ ծռեր»ու այս քայ­լին պատ­ճառ դար­ձած է, որ ընդ­դի­մա­դիր ա­լիք մըն ալ բարձ­րա­նայ հեր­թա­կան ան­գամ։ Թէ՛ Խո­րե­նա­ցի փո­ղո­ցին վրայ եւ թէ ընդ­հան­րա­պէս քա­ղա­քի կեդ­րո­նին մէջ ա­տեն-ա­տեն լա­րուա­ծու­թիւն­ներ կը յա­ռա­ջա­նան ոս­տի­կա­նու­թեան եւ ցու­ցա­րար­նե­րու մի­ջեւ։

Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան հրա­տապ օ­րա­կար­գի վե­րա­ծուած այս դէպ­քե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ ե­րէկ ա­ռա­ջին ան­գամ հան­դէս ե­կաւ հրա­պա­րա­կա­յին ե­լոյ­թով մը։ Ե­րե­ւա­նի նա­խա­գա­հա­կան ա­պա­րան­քէն ներս ան խորհր­դակ­ցու­թիւն մը ու­նե­ցաւ երկ­րի ի­րա­ւա­պահ մար­մին­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն հետ։ Այդ հա­ւա­քոյ­թին յա­ջոր­դեց նաեւ խորհր­դակ­ցու­թիւն մը՝ դա­տաի­րա­ւա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րուն շուրջ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան ծա­ռա­յու­թեան, ոս­տի­կա­նու­թեան, դա­տա­խա­զու­թեան եւ քննչա­կան մար­մին­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ Սերժ Սարգ­սեան անդ­րա­դար­ձաւ ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցած յար­ձակ­ման, յա­ջոր­դած ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն, նաեւ ձեռ­նար­կուած մի­ջո­ցա­ռում­նե­րու ար­դիւնք­նե­րուն։ Ի­րեն զե­կու­ցուե­ցաւ նաեւ, որ շա­րու­նա­կա­բար աշ­խոյժ բա­նակ­ցու­թիւն­ներ կը վա­րուին եւ առ­կայ ի­րա­վի­ճա­կին մէջ անհ­րա­ժեշտ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը կը կա­տա­րուին՝ որ­պէս­զի զի­նեալ խում­բի ան­դամ­նե­րը թո­ղուն զէն­քե­րը եւ յանձ­նուին իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն։ Իր կար­գին, Սերժ Սարգ­սեան ընդգ­ծեց ստեղ­ծուած ի­րա­վի­ճա­կէն խա­ղաղ լու­ծու­մով մը դուրս գա­լու կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։ Ան հա­մո­զուած է, որ հնա­րա­ւոր բո­լոր մի­ջոց­նե­րը պէտք է ձեռք առ­նուին այս ուղ­ղու­թեամբ։ Սարգ­սեան կա­րե­ւո­րեց են­թադ­րեալ բո­լոր ի­րա­ւա­խախ­տում­նե­րու հա­մա­կող­մա­նի եւ ա­նա­չառ քննու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ մե­ղա­ւոր­նե­րու պա­րա­գա­յին պա­տի­ժի ան­խու­սա­փե­լիու­թեան ա­պա­հո­վու­մը։ Խորհր­դակ­ցու­թեան ար­դիւն­քին ի­րա­ւա­պահ մար­մին­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն տրուե­ցան անհ­րա­ժեշտ յանձ­նա­րա­րա­կան­ներ։ Ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին Սերժ Սարգ­սեան ը­սաւ.

«Մինչ մեր հեր­թա­կան խորհր­դակ­ցու­թեան սկսի­լը՝ ան­գամ մը եւս փաս­տենք, որ մեր եր­կի­րը այս օ­րե­րուն կ՚ապ­րի դժուա­րին եւ պա­տաս­խա­նա­տու օ­րեր։ Պատ­ճառ­նե­րուն, ի հար­կէ, այս պա­հուն պի­տի չանդ­րա­դառ­նամ։ Հի­մա այդ բա­նին ժա­մա­նա­կը չէ։ Կ՚ը­սեմ միայն, որ բո­լորս պէտք է դա­սեր քա­ղենք այս մէ­կէն։

«Ան­գամ մը եւս կը ցա­ւակ­ցիմ զո­հուած գնդա­պետ Ար­թուր Վա­նո­յեա­նի ըն­տա­նի­քին եւ հա­րա­զատ­նե­րուն։ Բո­լորս պարտք ու­նինք ա­նոր առ­ջեւ։ Մենք պէտք է ը­նենք ա­մէն ինչ, որ­պէս­զի այս բարդ ի­րա­վի­ճա­կը կար­գա­ւո­րուի եւ նման ող­բեր­գու­թիւն մը այ­լեւս չկրկնուի։ Այս վի­ճա­կի ա­կուն­քին է մեր ի­րո­ղու­թեան մէջ ա­մե­նավ­տան­գա­ւոր մտայ­նու­թիւ­նը՝ հար­ցե­րը լու­ծել բռնու­թեամբ, ու­ժի կի­րառ­մամբ։ Այս մտայ­նու­թեան հե­տա­գայ զար­գա­ցու­մը յղի է շատ վտան­գա­ւոր հե­տե­ւանք­նե­րու մեր երկ­րին ու պե­տա­կա­նու­թեան իսկ հա­մար։ Հա­յաս­տա­նի մէջ բռնի ու­ժով, յար­ձա­կու­մով եւ պա­տանդ վերց­նե­լով հար­ցեր պի­տի չլու­ծուին։ Եւ մենք եր­բեք թոյլ պի­տի չտանք այս բա­նին։ Այս ի­րա­վի­ճա­կի հան­գու­ցա­լու­ծու­մը պէտք է ըլ­լայ Հա­յաս­տա­նի եւ մեր հա­սա­րա­կու­թեան, պե­տու­թեան հա­սու­նու­թեան կա­րե­ւո­րա­գոյն քննու­թիւն։ Ոս­տի­կա­նու­թեան պա­րե­կա­պա­հա­կա­յին գուն­դի տա­րած­քը գրա­ւած զի­նեալ­նե­րուն կոչ կ՚ուղ­ղեմ ցու­ցա­բե­րել զսպուա­ծու­թիւն եւ ու­րիշ­նե­րու կեան­քը չվտան­գել ի­րենց սադ­րիչ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րով։ Պա­տանդ­նե­րը պէտք է ա­զատ ար­ձա­կուին։ Զի­նեալ խում­բը պէտք է թո­ղու զէն­քը։ Հե­տա­գայ հան­գու­ցա­լու­ծու­մը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Սահ­մա­նադ­րու­թեան եւ օ­րէնք­նե­րու խստիւ պահ­պան­մամբ։ Անձ­նա­կան վրէժխնդ­րու­թեան բո­լոր փոր­ձե­րը պի­տի կա­սե­ցուին օ­րէն­քի ու­ժով։

«Ա­յո՛, Հա­յաս­տա­նի մէջ դժգոհ­ներ շատ կան։ Սա­կայն ոչ ոք թող չսխա­լի ու չմտա­ծէ, որ կրնայ ո­րե­ւէ ա­ռիթ կամ պատ­ճառ շա­հա­գոր­ծել մեր պե­տա­կա­նու­թեան հիմ­քե­րը քայ­քա­յե­լու հա­մար։ Կը յոր­դո­րեմ մեր հան­րու­թեան բո­լոր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն բա­ցա­ռա­պէս խա­ղաղ ձե­ւով եւ օ­րէն­քի շրջա­նակ­նե­րէ ներս ի­րենց քա­ղա­քա­կան եւ քա­ղա­քա­ցիա­կան ի­րա­ւունք­նե­րը ի­րա­կա­նաց­նել։ Կը յոր­դո­րեմ նաեւ, որ տուրք չտան ծայ­րա­յեղ քայ­լեր եւ սադ­րանք­ներ հրահ­րող ան­ձե­րու ա­ռա­ջարկ­նե­րուն եւ գա­ղա­փար­նե­րուն։ Սա յղի է նոր մարդ­կա­յին կո­րուստ­նե­րու լուրջ վտան­գին։ Կը յոր­դո­րեմ, որ իւ­րա­քան­չիւր ոք գի­տակ­ցի այդ սադ­րանք­նե­րէն եւ ծայ­րա­յեղ քայ­լե­րէն բխող իս­կա­կան վտանգ­նե­րը։

«Կը յանձ­նա­րա­րեմ, ձե­զի՝ ի­րա­ւա­պահ մար­մին­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուդ, որ­պէս­զի ձեր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը շա­րու­նա­կէք ի­րա­կա­նաց­նել խստա­գոյն զսպուա­ծու­թեամբ՝ օ­րէն­քի շրջա­նակ­նե­րէն ներս։ Մենք կը շա­րու­նա­կենք ձեռ­նար­կել հնա­րա­ւոր բո­լոր մի­ջոց­նե­րուն՝ ի­րա­վի­ճա­կին վերջ­նա­կան խա­ղաղ հան­գու­ցա­լու­ծում մը տա­լու հա­մար։ Կրկին կոչ կ՚ուղ­ղեմ զի­նեալ խում­բին՝ ժամ ա­ռաջ թո­ղուլ զէն­քը։ Մենք կը գոր­ծենք եւ պի­տի գոր­ծենք համ­բե­րա­տար։ Մեր երկ­րի իւ­րա­քան­չիւր քա­ղա­քա­ցիի կեան­քը եւ ա­ռող­ջու­թիւ­նը թանկ է մե­զի հա­մար։ Մենք չենք ըն­թա­ցած այս­պի­սի ի­րա­վի­ճակ­նե­րու մէջ դա­սա­կան հա­մա­րուող ճա­նա­պար­հով։ Այս­պէ­սով մենք հնա­րա­ւո­րու­թիւն տուած ենք զի­նեալ խում­բին ետ­քայլ կա­տա­րե­լու հա­մար։ Կը յու­սամ, որ ա­նոնք պի­տի սթա­փուին։ Բայց մենք ի­րա­ւունք չու­նինք թոյլ տա­լու, որ մեր ամ­բողջ հան­րու­թիւ­նը այս լա­րուա­ծու­թեան պա­տան­դը դառ­նայ։ Կը կար­ծեմ, որ այս ի­րա­վի­ճա­կը ար­դէն կը տե­ւէ ա­ւե­լի եր­կար, քան մենք կրնանք թոյլ տալ մե­զի հա­մար։ Ապ­րիլ ա­մի­սէն ի վեր տա­կա­ւին այն­քան ժա­մա­նակ չէ ան­ցած, որ­պէս­զի մեր հա­սա­րա­կու­թիւ­նը ինք­զին­քին թոյլ տայ մոռ­նա­լու տե­ղի ու­նե­ցա­ծը։

«Ան­գամ մը եւս բո­լո­րիս զգօ­նու­թեան եւ զսպուա­ծու­թեան կոչ կ՚ուղ­ղեմ՝ յա­նուն Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան, յա­նուն մեր ժո­ղո­վուր­դի ա­պա­գա­յին»։

Սերժ Սարգ­սեա­նի ա­ռըն­թեր, Հա­յաս­տա­նի ա­ռա­ջին նա­խա­գահ Լե­ւոն Տէր-Պետ­րո­սեանն ալ ե­րէկ այս նիւ­թին վե­րա­բե­րեալ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը հան­դէս ե­կաւ։ Ան շեշ­տեց, որ ստեղ­ծուած ի­րա­վի­ճա­կը պէտք է դա­տուի ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­տու­թեան տե­սան­կիւ­նէն, որ այ­սօր երկ­րի գե­րա­գոյն խնդիրն է։ Տէր-Պետ­րո­սեան դի­տել տուաւ, որ Ժի­րայր Սէ­ֆի­լեան եւ ըն­կեր­նե­րը ար­դէն գործ­նա­կա­նօ­րէն ա­պա­ցու­ցա­նած են ի­րենց հայ­րե­նա­սի­րու­թիւ­նը։ Ուս­տի, ան յոյս յայտ­նեց, թէ Սէ­ֆի­լեան ա­մէն ին­չէն վեր պի­տի դա­սէ Ար­ցա­խի եւ Հա­յաս­տա­նի ճա­կա­տա­գի­րը։

Ե­րե­ւա­նի Խո­րե­նա­ցի փո­ղո­ցին վրայ ե­րէկ ապ­րուե­ցաւ յա­րա­բե­րա­բար հան­դարտ օր մը։ Ներ­կա­յիս Ար­ցա­խի հե­րոս­նե­րէն Վի­թա­լի Բա­լա­սա­նեանն ալ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղէն Ե­րե­ւան մեկ­նած է՝ մաս­նակ­ցե­լու հա­մար լուծ­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն։ Ան նշեց, թէ բռնագ­րա­ւեալ ոս­տի­կա­նա­կան կեդ­րո­նէն ներս գտնուող­նե­րու սնուն­դի, բժշկա­կան օգ­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ խնդիր­նե­րը կը կար­գա­ւո­րուին։ Բաց աս­տի, Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան ծա­ռա­յու­թիւ­նը ե­րէկ ձեր­բա­կա­լեց շարք մը ան­ձեր՝ այդ զի­նեալ խում­բին ա­ջակ­ցե­լու մե­ղադ­րան­քով։

Հայ յե­ղա­փո­խա­կան դաշ­նակ­ցու­թիւնն ալ ե­րէկ հան­դէս ե­կաւ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը ու տե­ղե­կա­ցուց, թէ կեղծ են այն պնդում­նե­րը, ըստ ո­րոնց այլ ելք չէ մնա­ցած երկ­րի ծանր ի­րա­վի­ճա­կը փո­խե­լու հա­մար։

Շաբաթ, Յուլիս 23, 2016