ՇԱՐՔԵՐԸ ԱՄՐԱՑՆԵԼ
Յուլիս 15-ի զինեալ յեղաշրջման ձախող փորձէն վերջ առաջին անգամ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ այցելեց Ազգային մեծ ժողով, որ ենթարկուած էր ռմբակոծութեան։ Խորհրդարանի կացութեան ականատես ըլլալով՝ Էրտողան արտայայտեց մեծ հիասթափութիւն եւ ըսաւ. «Շատ յստակ ու բացայայտ է, որ ասոնք զինուորի տարազ հագած ահաբեկիչներ են»։ Խորհրդարանի նախագահ Իսմայիլ Քահրամանի հետ կատարած շրջայցէն վերջ Էրտողան հանդիսութիւններու դահլիճին մէջ ունեցաւ ելոյթ մը։ Այս առթիւ ան անդրադարձաւ հանրային կարծիքին մէջ շրջանառութեան մէջ դրուած պնդումներուն, թէ պետական հարուածի երկրորդ փորձ մըն ալ տեղի պիտի ունենայ։ Այս կապակցութեամբ ան նշեց. «Չըլլայ որ դատարկ թողուք հրապարակները։ Վերջնական որոշումը մեր ազգին հետ պիտի տանք, սակայն քիչ մը համբերութիւն»։ Աւելի վերջ Էրտողան յայտնեց, թէ քանի փուլ որ ունին՝ թող այդ բոլորին հետ գան։
Հանրապետութեան նախագահը երէկ Պեշթեփէի պալատի համալիրէն ներս «Միլլէթ» մզկիթի երդիքին տակ կատարեց իր Ուրբաթի աղօթքը։ Արձակման ժամանակ ան խօսք ուղղեց այնտեղ հաւաքուած քաղաքացիներուն։ Էրտողան յորդորեց շարքերը ամրացնել ու շարունակել ժողովրդավարութեան հերթը։ Ան համոզուած է, թէ անհրաժեշտ է տեւականացնել ներկայ զօրակցութիւնը։
Երէկ օրուան տեւողութեան Էրտողան կարեւոր խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ ՄԻԹ-ի խորհրդական Հաքան Ֆիտանի հետ։ Նկատի ունենալով, որ քանի մը օրէ ի վեր նախագահը կը բարձրաձայնէ լրաքաղութեան ծառայութիւններու թերացումները՝ երէկուան տեսակցութիւնը առարկայ դարձաւ բոլորի անմիջական ուշադրութեան։ Երկու ժամուան զրոյցէն վերջ հրաժարականի կամ պաշտօնազրկման հարց մը չհաղորդուեցաւ։
Արտաքին ճակատին վրայ ալ պետութիւնը բազմակողմանի նախաձեռնութիւններով հանդէս կու գայ վերջին օրերուն։ Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու Փոխ-նախագահ Ճօ Պայտընի հետ, որ աջակցութիւն յայտնեց՝ պետական հարուածի փորձը կատարած զուգահեռ ահաբեկչական կառոյցի ղեկավար Ֆեթհուլլահ Կիւլէնի արտայանձնման պահանջով սկսած գործընթացին։ ԱՄՆ-ի Նախագահ Պարաք Օպաման ալ երէկ յայտարարեց, թէ Ուաշինկթըն նախապէս տեղեակ չէր այս քայլէն եւ կը պախարակէ զինեալ յեղաշրջման փորձը։ Երէկ յայտարարուեցաւ նաեւ, թէ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Արդարադատութեան նախարար Պեքիր Պոզտաղ յառաջիկայ օրերուն Ուաշինկթըն պիտի այցելեն՝ նոյն նիւթը հետապնդելու համար։ Քանի մը օր առաջ կարգ մը աղբիւրներ հաղորդած էին, թէ Չավուշօղլու արդէն ԱՄՆ մեկնած էր շարք մը թղթածրարներ յանձնելու համար, սակայն Արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրներ աւելի վերջ հերքած էին այդ լուրերը։ Երէկ, Ուժանիւթի նախարար Պերաթ Ալպայրաք լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին տեղեկացուց, որ երկու նախարարները կը պատրաստուին ուղեւորուիլ Ուաշինկթըն։
Բաց աստի, երկրէն ներս հռչակուած արտակարգ դրութեան շրջագծով Պաշտօնաթերթին մէջ լոյս տեսաւ կառավարութեան առաջին օրէնքի համազօր որոշմնագիրը։ Այս փաստաթուղթի տրամադրութիւններու հիման վրայ հսկողութեան տակ գտնուելու ժամկէտը բարձրացուեցաւ երեսուն օրուան։ Նոյն փաստաթուղթով կը նախատեսուի բազմաթիւ հիմնարկներու, միութիւններու, դասընթացքներու, ուսանողական կացարաններու, արհեստակցական միութիւններու եւ առողջապահութեան հիմնարկներու փակուիլը։
Ներքին գործոց նախարար Էֆքեան Ալան ալ երէկ յայտարարեց, որ կը ծրագրեն անպայման Ոստիկան զօրքերը կապել Ներքին գործոց նախարարութեան։