«ՍՏԵՂԾԱՐԱՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ»Ի ԵՒ ՀԲԸՄ-Ի ՆՈՐԱՐԱՐ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ՅԱՏՈՒԿ ԴՐԱՄԱՇՆՈՐՀՆԵՐ
«Ստեղծարար Հայաստան»ը («Creative Armenia») եւ Հայ բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) սիրով կը յայտարարեն 2020-ի «Creative Armenia-AGBU Fellowship»երու մեկնարկը՝ մէկամեայ ծրագիր, որ ստեղծուած է նպաստելու աշխարհի նորարար հայ արուեստագէտներուն: Նիւթական եւ խորհրդատուական ամբողջական փաթեթ տրամադրող այս ծրագիրը նորարար արուեստագէտներուն ստեղծագործական վերելքի հասնելու հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ: Յայտերը կ՚ընդունուին մինչեւ 2019-ի սեպտեմբեր 30-ը:
«Սա եզակի հնարաւորութիւն է արուեստի տարբեր ոլորտներու մէջ գործող յառաջադէմ արուեստագէտներու համար, որոնք պատրաստ են իրենց ստեղծարար վերելքին», նշած է «Ստեղծարար Հայաստան»ի փոխ-տնօրէն Ալեք Մուհիբեան:
«Ստեղծարար Հայաստան»ը մշակութային հիմնադրամ է հայ ժողովուրդի համար, որ նպատակ ունի յայտնաբերելու, զարգացնելու ու խթանելու ստեղծարար արուեստագէտներուն: Սփիւռքահայութեան վստահութիւնը վայելող ՀԲԸՄ-ը տասնամեակներ շարունակ հնարաւորութիւններ կը ստեղծէ հայ արուեստագէտներուն՝ առաջարկելով կատարողական արուեստներու համալսարանական կրթաթոշակներ, ամառնային աշխատափորձեր եւ մասնագիտական ծրագիրներ, ինչպիսիք են՝ «Երաժշտական Հայաստան»ը եւ «Սայաթ-Նովա» միջազգային ստեղծագործական մրցոյթը, որոնք կը գտնուին Ամերիկայի (2012-ին) եւ Եւրոպայի (2016-ին) մէջ հաստատագրուած ՀԲԸՄ-ի Կատարողական արուեստներու բաժնի հովանիին տակ:
«Մշակոյթը ՀԲԸՄ-ի առաքելութեան հիմնարար սիւներէն մէկն է», ըսած է ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական խորհուրդի անդամ Անի Մանուկեան: «Ծրագիրը մասնագիտական զարգացման նոր, նշանակալի հարթակներ կը տրամադրէ՝ հնարաւորութիւն տալով արուեստագէտներուն իրենց աշխատանքները ներկայացնելու յայտնի խորհրդատուներու դատին, որոնք իրենց հերթին հաստատուած տաղանդաւոր արուեստագէտներ են»։
2019-ին նպաստներ ստացած են արուեստի տարբեր ոլորտներէ հինգ արուեստագէտներ. թատրոնի եւ օփերայի բեմադրիչ Արթուր Մակարեանը, գրող եւ կատակերգութեանց հեղինակ Նարեկ Մարգարեանը, գեղանկարիչ Պուրչին Պաշարը, երաժիշտ Արիկ Գրիգորեանը եւ շարժապատկերի բեմադրիչ Վիքթորիա Ալեքսանեանը: Անոցմէ իւրաքանչիւրը այժմ կ՚օգտուի իր աջակցութեան ամբողջական փաթեթէն:
2020-ի ծրագիրը կը ներառէ վեց բացառիկ արուեստագէտներ, որոնց մէկ տարուան ընթացքին պիտի տրամադրուին զարգացման մշակուած ռազմավարութիւններ, ոլորտի յառաջատար մասնագէտներու հետ կապեր հաստատելու հնարաւորութիւններ, խորհրդատուներու հետ անհատական հանդիպումներ, ինչպէս նաեւ 5000 ամերիկեան տոլար դրամաշնորհ:
Դրամաշնորհներուն կրնան դիմել ազգութեամբ հայ արուեստագէտները, ինչպէս նաեւ անոնք, որոնք մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած են հայկական մշակոյթի նկատմամբ եւ ունին արուեստի ոլորտին մէջ նկատելի ձեռքբերում: Այլ պահանջներ չկան: Արուեստի որեւէ ոլորտէ եւ աշխարհի որեւէ տարածքաշրջանէ արուեստագէտներ կրնան դիմել: Մասնակիցներու ներկայութիւնը Հայաստանի մէջ պարտադիր չէ:
Յայտերը կ՚ընդունուին մինչեւ 2019-ի սեպտեմբեր 30-ը՝ creativearmenia.org/fellowships եւ agbu.org/creativearmenia կայքէջերու մէջ:
Հարցումներու համար գրեցէք Ալեք Մուհիբեանին՝ alec@creativearmenia.org հասցէով եւ Հայկ Արսէնեանին՝ harsenyan@agbu.org հասցէով: