ՀԱՅԵՐԸ ՇԱՏ ԱՇԽՈՅԺ
Հայաստանի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան, որ վերջին օրերուն այցելեց Ռուսաստան, Մոսկուայի մէջ կարեւոր հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ ռուսական ղեկավարութենէն դէմքերու հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Զարեհ Սինանեան Մոսկուայի մէջ ընդունուեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար, պետական քարտուղար Կրիկորի Քարասինի հետ։ Հանդիպման ընթացքին Կրիկորի Քարասին նշեց, որ Ռուսաստան բազմազգ պետութիւն մըն է, այնտեղ կը բնակին զանազան ազգեր եւ կ՚ապրին ազգամիջեան համերաշխութեան պայմաններու մէջ, ինչ որ շատ կարեւոր է երկրին տեսակէտէ։ Ան ընդգծեց, որ Ռուսաստանի իշխանութիւնները կը փափաքին, թէ այդ համերաշխութիւնը ըլլայ ամուր եւ կայուն։ Քարասին ընդգծեց, որ հայերն ալ մաս կը կազմեն Ռուսաստանի բազմազգ պետութեան եւ շատ աշխոյժ են քաղաքական, մշակութային, հասարակական ու տնտեսական բնագաւառներու մէջ։
Իր խօսքին մէջ Զարեհ Սինանեան ընդգծեց, որ Ռուսաստանի հայ համայնքը ունի մեծ ներուժ մը եւ հայկական կողմը ուրախ կ՚ըլլայ, եթէ հայերը, որոնք արդէն լիարժէք կերպով համարկուած են Ռուսաստանի հասարակութեան, կարողանան մասնակցիլ երկրի զարգացման գործին եւ միեւնոյն ժամանակ պահպանեն իրենց ազգային ինքնութիւնը։
Զարեհ Սինանեան ներկայացուց իր նորաստեղծ գրասենեակի հիմնական նպատակներն ու գործառոյթները, ինչպէս նաեւ սփիւռքի՝ մանաւանդ Ռուսաստանի հայ համայնքի հետ աշխատանքի հիմնական ուղղութիւնները։ Զարեհ Սինանեան նշեց, որ մեծ թիւով հանդիպումներ ունեցած է եւ կը նախատեսէ յաճախ Ռուսաստան այցելել, ինչ որ պայմանաւորուած է Ռուսաստանի հայկական սփիւռքի մեծութեամբ ու աշխարհագրական տարածութեամբ։ Զարեհ Սինանեան ընդգծեց, որ իր վարած գրասենեակը կը ծրագրէ հայ համայնքի հետ մեծ աշխատանք տանիլ եւ գրասենեակի ձեւաւորման ընթացքին կ՚ենթադրէ ներգրաւել աշխատակիցներ ռուսահայ համայնքէն։
Միւս կողմէ, Զարեհ Սինանեան Մոսկուայի մէջ հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Ռուսաստանի ազգութիւններու գործերու դաշնակցային գործակալութեան ղեկավարի տեղակալ Միխայիլ Միշինի հետ։