ԱՅԱ ՍՈՖԻԱՅԻ ՄԷՋ ՎԱՂԸ ՊԻՏԻ ԿԱՏԱՐՈՒԻ ԱՌԱՋԻՆ ՈՒՐԲԱԹԻ ԱՂՕԹՔԸ

Այա Սոֆիայի մէջ վաղը տեղի պիտի ունենայ առաջին ուրբաթի աղօթքը՝ սրբավայրի մզկիթի կարգավիճակի վերահաստատուելէն վերջ։ Հարկ է նշել, որ վերջին օրերուն թափով նախապատրաստական աշխատանքներ տեղի կ՚ունենային՝ Այա Սոֆիայի պաշտամունքի վերաբացման ընդառաջ։ 86 տարի վերջ ան դարձեալ պիտի սկսի գործել որպէս մզկիթ։

«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Երլիքայա յայտնեց, որ Այա Սոֆիայի դէպի պաշտամունք կատարուելիք բաժանմունքներու մուտքերը պիտի սկսին վաղը առաւօտ ժամը 10.00-ին։ Այս առթիւ կարգ մը ճանապարհներ պիտի փակուին երթեւեկի։ Կուսակալ Երլիքայա շեշտեց, որ առողջապահական պատկան մարմիններուն կողմէ նախազգուշական բոլոր միջոցները ձեռք առնուած են՝ քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտով պայմանաւորուած։ 

Հինգշաբթի, Յուլիս 23, 2020