ԹՈՒԼԱՑՆԵԼ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆԸ

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի վերջին շրջանի լարուածութիւնը մեծ մտահոգութիւն պատճառած է միջազգային հանրութեան։ Այս մթնոլորտին մէջ Անթոնիօ Կութերես երկու ղեկավարներուն կոչ ուղղեց, որպէսզի սահմանային գօտիէ ներս լարուածութիւնը թուլանայ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Կութերեսի բանբերը՝ Սթեֆան Տիւժարիք այս կապակցութեամբ ըսաւ. «Երկու զրոյցներու ընթացքին ալ ընդհանուր քարտուղարը մտահոգութիւն յայտնեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանի բախումներուն կապակցութեամբ։ Ան կրկնեց անյապաղ եւ լիարժէք լիցքաթափման, սադրիչ հռետորաբանութենէ հրաժարելու եւ բանակցութիւններու վերադառնալու իր կոչը»։

Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներն ալ հաղորդումներ կատարեցին Նիկոլ Փաշինեանի եւ Անթոնիօ Կութերեսի հեռաձայնային խօսակցութեան շուրջ։ Փաշինեան այս առթիւ ընդգծեց, որ Հայաստան բարձր կը գնահատէ Հարաւային Կովկասի խաղաղութեան եւ անվտանգութեան նկատմամբ ընդհանուր քարտուղարին կողմէ ցուցադրուած շարունակական ուշադրութիւնը։ Ան ներկայացուց Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի սահմանին ուղղեալ սադրանքներու հետեւանքով ստեղծուած լարուած իրավիճակը։ Վարչապետը ընդգծեց, որ այդ գործողութիւնները տեղի ունեցած են հակառակ ընդհանուր քարտուղարի՝ համաճարակի շրջանին կլոպալ հրադադար յայտարարելու կոչին։ «Կը հաւաստիացնեմ, թէ Հայաստան հնարաւոր ամէն ինչ ըրած է՝ ռազմական գործողութիւններուն վերջ տալու եւ իրավիճակի լարուածութիւնը նուազեցնելու համար», ըսաւ ան։

Բաց աստի, Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ Ատրպէյճանի կողմէ մարտական գործողութիւններու դադրեցման վերաբերեալ գոյացած համաձայնութիւններու խախտումներուն։ Ան շարունակեց. «Այս շրջանին ականատես կ՚ըլլանք Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան իրերամերժ յայտարարութիւններուն եւ գործողութիւններուն։ Մենք կը հասկնանք, թէ Ատրպէյճանի մէջ ներքին վիճակը ծանր է։ Բայց մենք չենք կրնար դառնալ նախագահ Ալիեւի ստեղծած ծուղակի պատանդը։ Տարիներ շարունակ հայերու դէմ սփռած ատելութիւնն ու պատերազմի սպառնալիքը ստեղծած էին ռազմական գերազանցութեան պատրանք, որ այժմ յօդս կը ցնդի։ Մենք վստահ չենք՝ արդեօք Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը ունի՞ հրադադարը պահպանելու եւ սադրիչ հռետորաբանութիւնը կանխելու կարողութիւն կամ ցանկութիւն»։

Կութերեսի հետ զրուցելու ընթացքին Փաշինեան վերահաստատեց Հայաստանի յանձնառութիւնը խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ։ Ըստ իրեն, ստեղծուած իրավիճակին մէջ խիստ կարեւոր է ԵԱՀԿ-ի դիտարկման կարողութիւններու ընդլայնումը եւ տուեալ հարցին մէջ պայմանաւորուածութիւններու իրականացումը։ «Անհրաժեշտ է, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները հրապարակաւ մերժեն ուժի կամ ուժի սպառնալիքի կիրառումը։ Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը պէտք է ընդունի, որ խաղաղ բանակցութիւնները այլընտրանք չունին», ըսաւ Փաշինեան։

Իր կարգին Կութերեսն ալ մտահոգութիւն յայտնեց տարածքաշրջանէ ներս ստեղծուած լարուած իրավիճակին համար։ Ան ընդգծեց լարուածութիւնը թուլացնելու ուղղեալ անյապաղ քայլերու ձեռնարկելու կարեւորութիւնը՝ ներառեալ հրադադարի դրութեան ամրապնդման վերաբերեալ համաձայնութիւններու իրականացումը։ Կութերես վերահաստատեց իր աջակցութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան նկատմամբ։

Բաց աստի, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանն ալ երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Եւրոմիութեան Արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորելի հետ։ Այս հեռախօսազրոյցին միացաւ նաեւ Ատրպէյճանի նորանշանակ արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով։ Զօհրապ Մնացականեան անդրադարձաւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի որոշ հատուածներէն ներս յուլիսի 12-էն սկսեալ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով ստեղծուած լարուած իրադրութեան շուրջ վերջին զարգացումներուն։ Մնացականեան կարեւորեց լարուածութեան թուլացման եւ հրադադարի դրութեան վերականգնման ու ամրապնդման ուղղութեամբ ապահովուած նախկին համաձայնութիւններու կատարումը։ Այս ամբողջին մէջ ան որպէս առաջին քայլ ընդգծեց Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան կողմէ ռազմատենչ հռետորաբանութենէ եւ պատերազմի սպառնալիքէ հրաժարումը։

Անդրադառնալով հեռախօսազրոյցի ձեւաչափին՝ Զօհրապ Մնացականեան առանձնայատուկ ընդգծեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան անփոխարինելի դերը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացէն ներս։ Մնացականեան նաեւ բարձր գնահատեց Ժոզէֆ Պորելի անվերապահ աջակցութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափին, ինչպէս նաեւ անոր դիտարկումը, ըստ որու տարածքաշրջանի երկիրները պէտք է ձեռնպահ մնան իրադրութեան ապակայունացման ուղղեալ գործողութիւններուն։

Հարկ է նշել, որ Զօհրապ Մնացականեան վերջին օրերուն միջազգային մետիայէ զանազան հեղինակաւոր լրատուամիջոցներու իրերայաջորդ հարցազրոյցներ կու տայ։ Այս ծիրին մէջ ան նախընթաց օր յայտարարութիւններ ըրաւ «France 24» հեռուստակայանին։ «Անատոլու» գործակալութիւնն ալ արձագանգ հանդիսացած է Մնացականեանի այս յայտարարութիւններուն, ըստ որոնց Երեւան մտահոգ է Հայաստան-Ատրպէյճան բախումներուն Թուրքիոյ հաւանական միջամտութենէն։

Միւս կողմէ, Մոսկուայի ղեկավարութիւնն ալ ուշադրութեամբ կը հետեւի իրադարձութիւններուն եւ բարձր մակարդակի ռուս պաշտօնատարներ կը շարունակեն իրերայաջորդ յայտարարութիւններով հանդէս գալ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ ստեղծուած լարուածութեան առընչութեամբ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Ալեքսանտր Կրուշքօ երէկ յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումը կը բխի տարածքաշրջանի եւ բանակցային գործընթացի մասնակից բոլոր երկիրներու շահերէն։ ԹԱՍՍ գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ Ալեքսանտր Կրուշքօ ըսաւ. «Մենք կը կարծենք, թէ ո՛չ միայն Ռուսաստան, այլեւ՝ միւս պետութիւնները, որոնք մտահոգուած են այս տարածքաշրջանէն ներս կայունութեան հաստատմամբ եւ ամրապնդմամբ, պէտք է հանդէս գան յայտարարութիւններով, որոնք կողմերը կը խրախուսեն խաղաղութիւն եւ հրադադար հաստատելու համար։ Ռուսաստան համոզուած է, թէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի շրջանակէն ներս մշակուած համաձայնութիւնները պէտք է մնան բանակցային սեղանի վրայ։ Ներկայ ճգնաժամը պէտք չէ տեղի տայ առաջին հերթին Ռուսաստանի տիտանական ջանքերով ապահովուած յառաջընթացի նահանջին։ Արդարեւ, ան մերձեցուցած է հակամարտութեան կարգաւորման հեռանկարները։ Այս հակամարտութեան կարգաւորումը էապէս պիտի բարելաւէ իրավիճակը տարածքաշրջանէ ներս՝ ներառեալ բոլոր գործընկերներու միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու բարելաւումը։ Մենք բոլորին կը յորդորենք ընդունիլ նոյն դիրքորոշումը՝ մանաւանդ Մինսքեան խմբակի երկիրներուն»։

Միւս կողմէ, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները այս առաւօտ հաղորդեցին, որ Ատրպէյճանի հետ սահմանին վրայ երէկ գիշեր պահպանուած է յարաբերական անդորրը։ Ատրպէյճանի զօրքերը սահմանի առանձին հատուածներէն ներս զանազան հրացաններով վեց անգամ խախտած են հրադադարը՝ հայկական դիրքերու վրայ շուրջ 43 կրակոց արձակելով։

ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ, երէկ, Անգարայի մէջ, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը գումարեց ժողով մը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի վերջին բախումները։ Երկուքուկէս ժամ տեւեց նիստը, որու աւարտին հրապարակուեցաւ գրաւոր զեկոյց մը։ Զեկոյցին մէջ նշուեցաւ, որ Հայաստան տարիներէ ի վեր կը շարունակէ ապօրինի ձեւով բռնագրաւել Ատրպէյճանի տարածքները եւ խաղաղութիւնը խանգարող եւ միջազգային իրաւունքը անտեսող անոր յարձակումները խստիւ պախարակելի են։ Հայաստան պէտք է վերջ տայ նախայարձակ ընթացքին ու պէտք է պարպէ իր կողմէ բռնագրաւուած Ատրպէյճանի տարածքները։ Թուրք ազգը եղբայրական Ատրպէյճանի կողմէ արդար դատի մէջ առնուելիք ամէն տեսակ որոշման տէր պիտի կանգնի։

Զեկոյցին մէջ ընդգծուեցաւ, որ աշխարհի մէջ ուժերու նոր վերադասաւորում մը կ՚ապրուի։ Բոլոր բնագաւառներէ ներս ամուր պատրաստութիւն տեսնելու համար Թուրքիա անհրաժեշտ միջոցները շարժման պիտի անցընէ։

Անդրադարձ եղաւ նաեւ Լիպիոյ խնդիրներուն։

Հինգշաբթի, Յուլիս 23, 2020