ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՆՈՐ ՎԱՐԱԿԵԱԼՆԵՐՈՒ ԹԻՒԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ԻՋԱՒ 900-Ի ՇԵՄԻՆ

Առողջապահութեան նախարարութեան առընթեր Գիտական խորհուրդը երէկ ժողով մը գումարեց Անգարայի մէջ՝ արժեւորելով քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ երկրէն ներս ստեղծուած վերջին վիճակը։ Ժողովի ընթացքին օրակարգի վրայ եկան մասնաւորապէս իսլամական աշխարհի մօտալուտ Քուրպանի տօնին առթիւ ձեռք առնուելիք նախազգուշական միջոցները։ Ըստ նախարարին, բոլոր անոնք, որոնք տօնի առթիւ իրենց ծննդավայրը պիտի մեկնին, պէտք է ճանապարհ դուրս գան՝ առանց երթեւեկի խցանումներու մնալու։ Փոխադրամիջոցները պէտք չէ ըլլան բազմութիւն եւ պէտք է յարգուին նախազգուշական միջոցները։ Տօնական աղօթքը պէտք է կատարուի բացօթեայ՝ հնազանդելով ֆիզիքական հեռաւորութեան կանոններուն։ Նախարարը շեշտեց, որ հաւաքական տօնակատարութիւններ պէտք չէ կազմակերպուին, պէտք է խուսափիլ նաեւ բազմութիւն տօնական սեղաններէ։ Տօնական շնորհաւորութիւնները պէտք է կատարուին հեռաձայնով։ Այս նիւթին վերաբերեալ յորդորներուն առընթեր, նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ երեկոյեան ընկերային ցանցերու միջոցաւ հրապարակեց վերջին վիճակագրական տուեալները։ Այսպէս, Թուրքիոյ մէջ երէկ կատարուեցաւ 43 հազար 404 քըն-նութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 902 նոր վարակեալ։ Ֆահրետտին Քոճա շեշտեց, որ 44 օրուայ ընդհատումէ մը վերջ նոր դէպքերու թիւը իջած է 900-ի շեմին։ Նոյնպէս երէկ դժբախտաբար եւս 19 հոգի զոհ գնաց համաճարակին եւ նոյն ժամանակահատուածին առողջացածներու թիւը եղաւ 1203։ Այս պահու դրութեամբ 1244 հիւանդ խտացեալ խնամքի տակ կը գտնուի, իսկ արհեստական շնչառութեան սարքաւորումներու ենթակայ վարակեալներու թիւն է 381։

Նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկուան ժողովի ընթացքին յայտնեց, որ նոր վարակեալներու թիւը պէտք է նուազեցնել եւ առողջացածներու թիւի հետ տարբերութեան ի նպաստ պէտք է աճ ապահովել։ Իւրաքանչիւր օրուան նոր դէպքերու թիւը իջած է հազարի շեմէն վար։ Սա համաճարակի դէմ պայքարի տեսակէտէ առաւելութիւն մըն է, նաեւ կեդրոնացման գործօն մը։ Բայց եւ այնպէս, ներկայիս ամէն օր առողջացած հիւանդներու թիւի համազօր նոր վարակեալներ կ՚արձանագրուին։ Այս կայուն կացութիւնը, առաւել չափով կը մատնանշէ, որ առողջապահական համակարգը հեռու է սպառնալիքներէ։ Յամենայնդէպս, այսքանով պէտք չէ գոհանալ եւ նոր վարակեալներու թիւը պէտք է նուազեցնել։

Հինգշաբթի, Յուլիս 23, 2020