ՃՆՇՈՒՄՆԵՐՈՒ ՄԵԹՈՏՈԼՈԺԻՆ

1938 թուականին լոյս տեսաւ Պոլշեւիկներու համամիութենական համայնավար կուսակցութեան պատմութեան «Համառօտ դասընթացք» անունով «դարակազմիկ» գիրքը: Սթալինը անձամբ կը համակարգէր այդ գիրքի վրայ աշխատանքը, իսկ անոր յօդուածը՝ «Տիալեքթիք եւ պատմական մաթերիալիզմի մասին» ներառուած էր այդ դասագիրքի մէջ, հակառակ կուսակցութեան պատմութեան հետ անմիջական կապ չունենալուն: Յօդուածը կ՚անուանէին «Մարքսիստ փիլիսոփայութեան վարդապետութիւն»։

Կրօնական եզրաբանութիւնը պատահական չէր: Ամբողջ գիրքը կոչուած էր կատարելու «նոր Աստուածաշունչի» գործառոյթը, որ պարտադիր պէտք է ուսումնասիրուէր բոլոր համալսարաններուն մէջ: Ի դէպ, 1980-ականներու սկզիբին ես տակաւին կը հանդիպէի մարդոց, որոնք հաւատարիմ էին այդ «կրօնին»:

Ո՞րն էր «Համառօտ դասի» հիմնական ուղերձը: Ամբողջ պատմութիւնը «դրական» եւ «բացասական» հերոսներու անզիջում պայքար է, որուն մէջ, ի վերջոյ, կը յաղթեն «դրականները», իսկ «բացասականները» կը ջախջախուին: Յայտնի է, որ 1920-1930 թուականներուն «ջախջախումը» կ՚արտայայտուէր զանգուածային արիւնալի բռնաճնշումներու տեսքով:

«Համառօտ դասի» վերջին գլուխը կ՚եզրափակուէր հետեւեալ վերնագրով. «Պուխարինեան-թրոցկիստական լրտեսներու, վնասարարներու, հայրենիքի դաւաճաններու մնացուկներու ոչնչացումը»: Ձեզի այդ ձեւակերպումը որեւէ բան չի՞ յիշեցներ:

«Քաղաքական պատմութիւնը», որ այժմ կը ներկայացուի Հայաստանի ներկայիս իբր «ժողովրդավարական», իբր «արեւմտամէտ» իշխանութիւններու կողմէ, կառուցուած է նոյն շեմայի վրայ: Վերջին օրինակը. հայ եպիսկոպոսները («բացասական» կերպարները) օծուեցան Կեսարիոյ մէջ, դարձան ազդեցութեան գործակալներ, եկան Հայաստան եւ սպաննեցին Պապ թագաւորը («դրական» կերպարը): Կամ՝ 1991-2018 թուականներու ամբողջ ժամանակաշրջանը թալան էր եւ բռնութիւն, 2018-ին եկաւ Փաշինեանը («դրական» հերոս) ջախջախեց թալանճիները («բացասական» հերոսները): Սակայն տակաւին կան թալանճիներ, օտար գործակալներու եւ դասալիքներու մնացորդներ, որոնք տակաւին պէտք է ոչնչացնել: Նոյն փարանոեան եւ լրտեսամոլութիւնը:

Բարեբախտաբար, հիմա բռնաճնշումները զանգուածային չեն, «կէտային են»՝ բանտերու մէջ են ռեժիմի քանի մը հակառակորդներ: Բայց «մեթոտոլոժին», ինչպէս կը տեսնէք, նոյնն է՝ ո՛չ արեւմտեան, ո՛չ ազատական, ո՛չ ալ գիտական:

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի 

Երեքշաբթի, Յուլիս 23, 2024