ԱՄՆ-ԷՆ ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՇՓՈՒՄՆԵՐ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՅ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն կողմէ պատուիրակութիւն մը, որ կը բաղկանայ չորս բարձրաստիճան դիւանակալներէ, շփումներու ձեռնարկած է Թուրքիոյ մէջ։ Պատուիրակութեան անդամներուն երեքը ԱՄՆ-ի Արդարադատութեան նախարարութեան ներկայացուցիչներն են, իսկ մին՝ Արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչն է։
Ծանօթ է, որ 15 Յուլիսի զինեալ յեղաշրջման ձախող փորձէն ի վեր Անգարա-Ուաշինկթըն յարաբերութիւններու օրակարգի թիւ մէկ հարցը դարձած է՝ ահաբեկչական զուգահեռ կառոյցի ՖԵԹԷՕ-ի պարագլուխ Ֆեթհուլլահ Կիւլէնի արտայանձնումը։ Թրքական կողմը յամառ պահանջներ կը ներկայացնէ այս ուղղութեամբ։ Պետութեան ամենաբարձր մակարդակի ներկայացուցիչները շարունակ կը բարձրաձայնեն այս խնդիրը եւ թրքական կողմը անզիջում ընթացք մը որդեգրած է այս ճանապարհին։
Ֆեթհուլլահ Կիւլէնի արտայանձնման խնդրին շուրջ Անգարայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ վերջին շաբաթներուն անընդհատ շփումներ տեղի կ՚ունենան։ Ամերիկեան պատուիրակութեան ներկայ այցելութիւնն ալ մաս կը կազմէ նոյն ծիրին։ Երէկ երեկոյեան Անգարա հասաւ ԱՄՆ-ի պատուիրակութիւնը, որու անդամները կը մէկտեղուին Արդարադատութեան նախարարութեան իրաւասուներուն հետ՝ միասնաբար ուսումնասիրելու համար առկայ ապացոյցները։ Արդարադատութեան նախարարութեան միջազգային իրաւունքի եւ արտաքին յարաբերութիւններու ընդհանուր տնօրէնութեան եւ այլ բաժանմունքներու մասնագէտները կը հիւրընկալեն ամերիկացի դիւանակալները։ Ամերիկեան պատուիրակութեան մասնակից թեքնիկ մասնագէտները Կիւլէնի արտայանձնման պահանջին վերաբերեալ պատրաստուելիք տեղեկագիրը պիտի խմբագրեն անձամբ։ Այս հանգամանքը կը ներկայացնէ մասնաւոր կարեւորութիւն։
Երկօրեայ շփումներէ վերջ ամերիկեան պատուիրակութիւնը հրաժեշտ պիտի առնէ Թուրքիայէն։ Պատուիրակութեան կողմէ պատրաստուելիք տեղեկագիրը պիտի բնորոշէ՝ Կիւլէնի արտայանձնման պահանջին իրաւական շրջագիծը՝ երկու երկիրներու օրէնսդրութեան հիման վրայ։
Այս պատուիրակութեան այցելութենէն վերջ նախատեսուած է նաեւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի եւ Արդարադատութեան նախարար Պեքիր Պոզտաղի համատեղ այցելութիւնը դէպի Ուաշինկթըն։