ՄԵՍՈՒՏ ՊԱՐԶԱՆԻ ԱՅՍՕՐ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ
Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան ղեկավար Մեսուտ Պարզանի այսօր շփումներ կ՚ունենայ Թուրքիոյ մէջ։ Մայրաքաղաք Անգարայի մէջ ան կը հիւրընկալուի ամենաբարձր մակարդակի վրայ։
Տեղական մամուլը կը մատնանշէ, որ Մեսուտ Պարզանիի այցելութիւնը կը զուգադիպի այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ շատ նուրբ իրադարձութիւններ կ՚ապրուին Սուրիոյ ներքին պատերազմի մթնոլորտին մէջ։ Արդարեւ, ներակայիս շրջանառութեան մէջ կը գտնուին զանազան լսումներ, ըստ որոնց Թուրքիոյ կողմէ քաջալերուած խմբաւորումներ կը պատրաստուին ձեռնարկել գործողութեան մը՝ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման հսկողութեան տակ գտնուող Ճերապլուսը ետ առնելու համար։ Բաց աստի, Հասեքէի մէջ ՓԵՏ-ԵՓԿ-ի զօրքերուն եւ Սուրիոյ ղեկավարութեան բանակին միջեւ կ՚ապրուին սաստիկ բախումներ։