ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՄՔ
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ, ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլու եւ ՄՀՓ-ի կուսակցապետ Տեւլէթ Պահչելի երէկ հանդիպում մը ունեցան մայրաքաղաք Անգարայի մէջ։ Վարչապետարանի պաշտօնական նստավայրին մէջ տեղի ունեցաւ այս տեսակցութիւնը, որ տեւեց շուրջ երեք ժամ։ Կը հաղորդուի, որ քննարկումներու հիմնական նիւթն էր ահաբեկչութեան դէմ պայքարը։ Արդարեւ, ներքին քաղաքական արտասովոր իրադարձութիւններու եւ երկրէն ներս հռչակուած արտակարգ դրութեան մթնոլորտին մէջ՝ ահաբեկչական բռնարարքները անընդհատ կը շարունակուին Թուրքիոյ մէջ եւ հանրային կարծիքին մօտ կը յառաջացնեն լուրջ ցասում։ Իշխանութիւններուն եւ ընդդիմութեան ներկայացուցիչները այս մթնոլորտին մէջ յառաջ կը տանին անմիջական երկխօսութիւն։ Անոնք միասնականութեան կամք կը դրսեւորեն, որպէսզի անպայման պահպանուի երկրէն ներս ստեղծուած ընդհանուր համաձայնութեան մթնոլորտը։ Ամբողջ հանրային կարծիքն ալ կը գիտակցի, որ սա անհրաժեշտ նախադրեալ մըն է՝ երկրի առկայ մարտահրաւէրներու դէմ պայքար մղելու համար։ Վարչապետ Եըլտըրըմ երէկ ընդդիմադիր կուսակցապետներուն հետ զրուցելու ժամանակ նշեց, թէ կը գիտակցին իշխանութիւններուն վիճակած պատասխանատուութեան՝ երկրէն ներս ընդհանուր համաձայնութեան մթնոլորտի պահպանման տեսանկիւնէն եւ այս ուղղութեամբ պիտի ցուցաբերեն առաւելագոյն նախանձախնդրութիւն։
Ըստ տեղական մամուլի հաղորդումներուն, ընդդիմադիր կուսակցապետները վարչապետի հետ տեսակցութեան ընթացքին յայտնեցին, թէ կը պաշտպանեն Սուրիոյ, Իրանի եւ Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումը։ Վարչապետը երէկ օրուան տեւողութեան յայտարարեց, որ Թուրքիա կողմնակից է յարաբերութիւնները զարգացնել Եգիպտոսի հետ։ Եթէ նոյնիսկ քաղաքական գետնի վրայ բնականոնացումը կարօտի երկար ժամանակաշրջանի, ապա առնուազն տնտեսական գետնի վրայ կարելի է փութով թափ տալ յարաբերութիւններուն՝ զբօսաշրջութեան, երկրագործութեան ու մշակոյթի նման բնագաւառներէ ներս։ Պինալի Եըլտըրըմի խօսքերով, Սուրիոյ խնդրին վերաբերեալ Թուրքիոյ ընկալումները յստակ են։ Անգարա կողմնակից է այդ երկրի տարածքային ամբողջականութեան պահպանման։ Երբեք Թուրքիոյ տեսակէտէ ընդունելի չեն երկրի հարաւի քրդական խմորումները։ Հետեւաբար, Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը պէտք է պահպանուի եւ համապարփակ մօտեցումով ղեկավարութիւն մը պէտք է ձեւաւորուի՝ թշնամութիւններու յաղթահարման համար։ Ըստ վարչապետին, Թուրքիոյ եւ Իրանի գլխաւորութեամբ, Միացեալ Նահանգներու, Ռուսաստանի եւ Ծոցի այլ երկիրներու մասնակցութեամբ, ինչպէս նաեւ Սէուտական Արաբիոյ ներգրաւմամբ պէտք է նոր էջ մը բացուի Սուրիոյ մէջ։ Այլեւս առանց աւելի երկար ժամանակ կորսնցնելու պէտք է առնել այս քայլը, որ ունի կենսական նշանակութիւն։
Նախարարաց խորհուրդի երէկուան ժողովէն վերջ Պինալի Եըլտըրըմ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն բացատրութիւններ տուաւ ընդդիմադիր կուսակցապետներու հետ ունեցած տեսակցութեան շուրջ։ Վարչապետը նշեց, թէ իշխանութեան եւ ընդդիմութեան խտրականութիւն պիտի չըլլայ։ «Եղբայրութեան մթնոլորտի մէջ՝ որպէս իշխանութիւն պիտի վարուինք պատասխանատուութեամբ։ Հետամուտ պիտի ըլլանք, որպէսզի բոլոր խնդիրները լուծենք խօսելով, քննարկելով։ Մեր ազգը կ՚ուզէ ոչ թէ տարանջատում, այլ միացում», ըսաւ Պինալի Եըլտըրըմ։
Պինալի Եըլտըրըմի բացատրութիւններով, զանազան ահաբեկչական կազմակերպութիւններու կողմէ գործուած յարձակումներուն առընթեր նոր Սահմանադրութեան մշակման վերաբերեալ նիւթեր ալ օրակարգի վրայ եկան երէկուան խորհրդակցութեան ընթացքին։ Անոնք շօշափեցին նաեւ խորհրդարանի կուսակցութիւններէն ՀՏՓ-ի կացութիւնը։ Արդարեւ, այդ կուսակցութիւնը լռութիւն կը պահէ անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան յարձակումներուն պարագային։ Եըլտըրըմի, Քըլըչտարօղլուի եւ Պահչելիի ակնկալութիւնը այն է, որ այդ կուսակցութիւնը յստակ դիրքորոշում մը որդեգրէ ՓՔՔ-ի դէմ, որպէսզի ՀՏՓ-ի անունը չնոյնանայ ահաբեկչական կազմակերպութեան հետ։