ՆԵՐԴԱՇՆԱԿ ԱՇԽԱՏԱՆՔ
Հայաստանի Տնտեսութեան նախարարի առաջին տեղակալ Գարեգին Մելքոնեան բացատրութիւններ տուաւ Երեւան-Պրիւքսել առանցքի վերջին իրադարձութիւններուն կապակցութեամբ։ Ըստ իրեն, Հայաստան-Եւրոմիութիւն համագործակցութեան նոր համաձայնագրին շուրջ բանակցութիւնները կ՚ընթանան բնականոն հունի մը մէջ։ Ներկայիս գոյութիւն չունի որեւէ սուր խնդիր, որ բանակցային գործընթացին տեսակէտէ կրնայ խնդիր յարուցել։ «Կէս տարուան ընթացքին քանի մը անգամ ունեցած ենք բանակցային շրջափուլեր փոխադարձ այցելութիւններու եւ տեսախորհրդաժողովներու միջոցաւ։ Ամէն ամիս քանի մը անգամ տեսախորհրդաժողովներու միջոցաւ կ՚իրականացնենք ոլորտային բանակցութիւններ, յատկապէս առեւտուրի եւ ներդրումներու մասով։ Մինչեւ տարեվերջ տակաւին բանակցային երկու փուլ կը նախատեսուի», ըսաւ փոխ-նախարարը։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, առեւտուրի եւ ներդրումներու բաժնին վերաբերեալ պատրաստուած նախագծերուն մէկ մասը ԵՄ-ին կողմէ տակաւին չեն տրամադրուած հայկական կողմին։ Իսկ այն բոլոր բանաձեւերը, որոնք կը տրամադրուին ԵՄ-ի կողմէ, կը դրուին նաեւ ներքին շրջանառութեան մէջ, կ՚ենթարկուին քննարկման ու կը ձեւաւորուի հայկական կողմի բանակցային դիրքորոշումը այդ հիման վրայ։ Գարեգին Մելքոնեան դժուարացաւ կանխատեսումներ ընել, թէ ի՛նչ ժամկէտներու մէջ կրնան աւարտիլ բանակցութիւնները։ Հայաստան արդէն ունի ԵՄ-ի հետ բանակցութիւններու փորձառութիւն։ Արդեօք այդ մէկը չի՞ դիւրացներ ներկայ աշխատանքը եւ հնարաւորութիւն չ՚ընձեռեր սեղմ ժամկէտներու մէջ գործը աւարտին հասցնելու համար։ Այս հարցման ի պատասխան Գարեգին Մելքոնեան ըսաւ. «Որոշ դիւրութիւն մը գոյութիւն ունի, որովհետեւ արդէն բանակցային գործընթաց մը ունեցած ենք ու ճանապարհ անցած ենք Եւրոմիութեան հետ։ Բայց եւ այնպէս, ներկայ բանակցային գործընթացը ունի նաեւ իր իւրայատկութիւնը։ Արդարեւ, մենք հիմա բազմաթիւ հարցերու մէջ քննարկման ենթարկուած իւրաքանչիւր չափանիշը կամ համաձայնութիւնը կը դիտարկենք նաեւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան շրջանակներէն ներս Հայաստանի ստանձնած պարտաւորութիւններու համատեսքին մէջ։ Սա թեքնիկ ու մասնագիտական առումով աշխատանքները կը դարձնէ առաւել խորքային ու ծաւալուն, ինչ որ նաեւ ժամանակ կը պահանջէ»։
Մինչ այդ, Հայաստանի կառավարութենէն ներս ալ վերջերս քննարկուեցան Եւրոմիութեան հետ շրջանակային համաձայնագրի բանակցութիւններու ընթացքին վերաբերեալ հարցեր։ Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն մը, որու ժամանակ աչքէ անցուեցան Երեւան-Պրիւքսել յարաբերութիւններու ընթացքն ու նոր շրջանակային համաձայնագրի մշակման վերաբերեալ հարցեր։ Ժողովին ընթացքին զեկուցումներ ներկայացուցին Գարեգին Մելքոնեան, Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Կարէն Նազարեան, Տնտեսութեան նախարար Արծուիկ Մինասեան եւ Փոխ-վարչապետ Վաչէ Գաբրիէլեան, որ միեւնոյն ժամանակ միջազգային տնտեսական համարկման եւ բարեփոխումներու գծով նախարարն է։ Զեկուցումներէն վերջ քննարկուեցան ԵՄ-ի հետ օրակարգային հարցերը եւ ոլորտային զանազան ուղղութիւններով արձանագրուած յառաջընթացը։ Վարչապետ Աբրահամեան համապատասխան յանձնարարականներ տուաւ եւ կարեւորեց բանակցային գործընթացի արդիւնաւէտութեամբ յառաջ տարուիլը։ Ան շեշտեց, որ այս բոլորը ամուր հիմքեր պիտի ստեղծեն, որպէսզի Հայաստան-ԵՄ համագործակցութիւնը հետագային զարգանայ եւ ընդլայնուի զանազան ուղղութիւններով։
Գարեգին Մելքոնեան լիայոյս է, որ տրամաբանական ժամանակահատուծի մը ընթացքին կարելի պիտի ըլլայ ունենալ որակեալ ձեւով բանակցուած եւ փոխադարձ շահաւէտ համաձայնութիւններու թղթածրար մը։ Ըստ իրեն, Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան կողմէ որեւէ խանգարող հանգամանք կամ խոչընդոտ գոյութիւն չունի ներկայիս։ «Համաձայնագիրը հիմնականին մէջ ունի երեք ուղղութիւն՝ քաղաքական-իրաւական մասը, ոլորտային համագործակցութիւնը եւ առեւտուր-ներդրումներու հատուածը։ Եւ սա, ըստ էութեան, նախապէս բանակցուած խոր ու համապարփակ ազատ առեւտուրի համաձայնագրի հիման վրայ է։ Դուրս թողուած են այն բաները, որոնք այլեւս չեն կրնար ներառնուիլ։ Մասնաւորապէս՝ խօսքը կը վերաբերի մաքսատուրքերու զերոյացման եւ անոր հետ առընչակից կարգ մը հարցերու, որոնք հիմնականին մէջ կը վերաբերին Հայաստանի անդամակցութեան Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան», ըսաւ Գարեգին Մելքոնեան։
Իր կարգին, Կարէն Նազարեանն ալ յայտնեց, թէ Հայաստան-Եւրոմիութիւն բանակցութիւնները պիտի աւարտին տրամաբանական ժամկէտի մը ընթացքին։ Ըստ իրեն, բանակցութիւններու սկիզբին ժամկէտներ չեն ճշդուած՝ կողմերը ճնշումներէ զերծ պահելու նպատակով։
Փոխ-նախարարը մեկնաբանեց նաեւ ԵՄ-ի ներկայացուցիչներու բերնէն հնչած կարգ մը յայտարարութիւնները, ըստ որոնց կան կարգ մը խոչընդոտներ բանակցային գործընթացին մէջ։ Նազարեան այս կապակցութեամբ դիտել տուաւ, որ միջազգային պայմանագրերու նախընթացներով եւ բանակցային փորձառութեան աւանդոյթին համաձայն՝ կողմերը միշտ նման գործընթացներու մէջ կը պահպանեն զգուշաւորութիւն մը։ Սա անհրաժեշտ է բանակցութիւններուն համար առաւել ազատ ու արդիւնաւէտ միջավայր մը ստեղծելու առումով։ Նազարեան աւելցուց, որ քաղաքական կամքի դրսեւորման պարագային՝ կարելի պիտի ըլլայ ունենալ փաստաթուղթ մը, որ պիտի ցոլացնէ Հայաստան-Եւրոմիութիւն համագործակցութիւնը։ Ըստ իրեն, մշակուածը բաւական ընդգրկուն փաստաթուղթ մըն է, որ կ՚ընդգրկէ քաղաքական երկխօսութեան, արդարադատութեան, բարեփոխումներու, առեւտուրի եւ ներդրումներու մասին երեսակներ։