ԸՄԲԻՇ ՄԱՔՍԻՄ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱԽՈՅԵԱՆ
Փարիզի մէջ կազմակերպուած յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի աշխարհի առաջնութիւնը հասաւ իր աւարտին։ Մրցաշարքի վերջին օրը Հայաստանի ներկայացուցիչներէն ըմբիշ Մաքսիմ Մանուկեան նուաճեց ախոյեանի տիտղոս։ 80 քիլօկրամի դասաւորման մէջ Մաքսիմ Մանուկեան գօտեմարտ մը ունեցաւ Սպիտակ Ռուսիոյ ներկայացուցիչ՝ ազգութեամբ լեզկի Ռաթիք Կուլիեւի հետ։ Մաքսիմ Մանուկեան հանդիպման ողջ տեւողութեան նախաձեռնութիւնը պահեց իր ձեռքը եւ ակնյայտ առաւելութեան հասաւ իր մրցակ ցին դիմաց։ Ի վերջոյ 5-0 արդիւնքով Մաքսիմ Մանուկեան պարտութեան մատնեց իր մրցակիցը։ Այսպէսով ան նուաճեց աշխարհի ախոյեանի տիտղոսը։ Սա Մաքսիմ Մանուկեանի տեսակէտէ շատ կարեւոր յաջողութիւն մը եղաւ՝ որովհետեւ ան առաջին անգամ հասաւ աշխարհի ախոյենութեան։ 30-ամեայ Մաքսիմ Մանուկեանի մարզիչն է Ալեքսան Յովհաննիսեան։
Փարիզի մէջ նախընթաց օր Արթուր Ալեքսանեան երրորդ անգամ ըլլալով նուաճած էր աշխարհի ախոյեանի տիտղոսը եւ իրմէ վերջ Հայաստանին ոսկէ մետայլ մը եւս ապահովեց Մաքսիմ Մանուկեան, ինչ որ հայկական մարմնամարզի աշխարհին տեսակէտէ շատ կարեւոր յաջողութիւն մը կը համարուի։