ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ԻՐԱՔ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու այսօր կ՚այցելէ Իրան։ Պաղտատի մէջ շփումներ ունենալէ վերջ ան պիտի անցնի Էրպիլ, ուր պիտի հիւրընկալուի Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան ղեկավար Մեսուտ Պարզանիի կողմէ։
Անգարայի դիւանագիտական աղբիւրները կը մատնանշեն, որ Մեւլիւտ Չավուշօղլուի այս այցելութեան ժամկէտը կը ներկայացնէ լուրջ կարեւորութիւն։ Արդարեւ, Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութիւնը կը նախատեսէ Սեպտեմբերի 25-ին ձեռնարկել անկա խութեան հանրաքուէի։ Միջազգային ընտանիքը վերջին շրջանին վերապահութեամբ կը մօտենայ այս հանրաքուէին։ Չավուշօղլու Պաղտատի ղեկավարութեան հետ բանակցութիւններ վարելէ վերջ, Էրպիլի մէջ Պարզանիին խորհուրդ պիտի տայ՝ հանրաքուէն ջնջելու ուղղութեամբ։
Այս այցելութեան ընդառաջ, նախարար Չավուշօղլու անցեալ շաբաթ այս հանրաքուէին շուրջ հանդէս եկած էր արժեւորումով մը եւ Էրպիլի ղեկավարութիւնը զգուշացուցած էր՝ հաւանական ներքին պատերազմի մը դէմ։
Մեւլիւտ Չավուշօղլուի Իրաք այցելութիւնը տեղի կ՚ունենայ այնպիսի մթնոլորտի մը մէջ, երբ տարածքաշրջանէ ներս դիւանագիտական երթեւեկը խտացած է։ Երբ Չավուշօղլու շփումներ կ՚ունենայ Իրաքի մէջ, այսօր Թուրքիա կ՚այցելէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան նախարար Ճէյմս Մաթիս։ Փենթակոնի ղեկավարը Անգարա գալէ առաջ վերջին օրերուն այցելեց Պաղտատ եւ Էրպիլ, ուր տեսակցեցաւ Մեսուտ Պարզանիի հետ։