ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՍՈՉԻԻ ՄԷՋ ԿԸ ՏԵՍԱԿՑԻ ՓՈՒԹԻՆԻ ՀԵՏ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Ռուսաստան։ Սոչիի մէջ ան կը տեսակցի Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու երկիրներու ղեկավարները պիտի քննարկեն քաղաքական, տնտեսական, մարդասիրական, մշակութային եւ այլ բնագաւառներէ ներս երկկողմանի համագործակցութեան օրակարգի առանցքային հարցերը։ Անոնք պիտի անդրադառնան նաեւ Սերժ Սարգսեանի անցեալ Մարտին Ռուսաստան տուած պաշտօնական այցելութեան ժամանակ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրագործման ընթացքին։ Բարձր մակարդակով բանակցութիւններու օրակարգին վրայ պիտի գտնուին նաեւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան եւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան շրջանակներէն ներս համագործակցութեան զարգացման հեռանկարներուն վերաբերեալ հարցեր։
Սերժ Սարգսեան եւ Վլատիմիր Փութին կարծիքներ կը փոխանակեն միջազգային եւ տարածքաշրջանային արդի հարցերու շուրջ, ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կագաւորման գործընթացը։