Չորեքշաբթի 25, Դեկտեմբեր 2024
ՍՔԵՄ ԿՐԵԼՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔ
Համայնքային շրջանակներէն ներս երէկ յետմիջօրէի ժամերէն սկսեալ արձագանգ գտան շարք մը լսումներ, ըստ որոնց Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանին տրուած է եկեղեցիէ դուրս սքեմ կրելու իրաւունք։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ ստորագրուած է համապատասխան տնօրինութիւնը։ Պաշտօնագիրը Իսթանպուլի կուսակալութեան միջոցաւ հասած է Պատրիարքարան։ Գումգաբուի աղբիւրները որեւէ պաշտօնական յայտարարութիւն չեն կատարած այս կապակցութեամբ։
Այս առթիւ կը շնորհաւորենք նորին սրբազնութիւնը։
Ուրբաթ, Օգոստոս 23, 2019