ԱՐԱՐԱՏ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ՄԸ ՍՏԱՑԱՒ ԻՐ ՉԻՆԱՑԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿՑԷՆ

Հայաստանի նորանշանակ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան կը շարունակէ շնորհաւորականներ ստանալ աշխարհի զանազան երկիրներու իր պաշտօնակիցներէն։ Այս ամբողջին մէջ իր նշանակումը շնորհաւորեց նաեւ Չինաստանի Արտաքին գործոց նախարար Վանկ Եի, որ միեւնոյն ժամանակ այդ երկրի Պետական խորհուրդի անդամ է։ Ան այս առթիւ շեշտած է, որ Չինաստան եւ Հայաստան աւանդական բարեկամական գործընկերներ են։ Դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն ի վեր Երեւանի եւ Փեքինի միջեւ կ՚ապահովուին զանազան մակարդակներու վրայ աշխոյժ շփումներ եւ կապեր, միջազգային ասպարէզի վրայ հաստատուն կերպով յառաջ կը մղուի գործնական համագործակցութիւնը եւ հետեւողականօրէն կը պահպանուի երկկողմանի յարաբերութիւններու առողջ եւ հաստատուն թափը։ Այս բոլորի լոյսին տակ չինացի նախարարը պատրաստակամութիւն յայտնած է շարունակելու համար համատեղ աշխատանքը՝ ամրապնդելու երկու նախարարութիւններու միջեւ հաղորդակցութիւնը, ինչպէս նաեւ խորացնելու բազմաոլորտ համագործակցութիւնը՝ հայ-չինական յարաբերութիւնները զարգացման նոր մակարդակի մը բարձրացնելու համար։

Իր նշանակումէն վերջ Արարատ Միրզոյեան հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցած էր հարեւան Վրաստանի փոխ-վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար Տաւիտ Զալքալիանիի հետ։ Վրացի նախարարը այս առթիւ դիտել տուած էր, որ ժողովրդավարական արժէքներու ամրապնդումը մեծ նշանակութիւն ունի ո՛չ միայն Հայաստանի, այլեւ՝ ամբողջ տարածքաշրջանի համար։ Նախարարները ընդգծած էին հայ-վրացական յարաբերութիւններու առանձնայատուկ եւ բարիդրացիական բնոյթը։ Անոնք պատրաստակամութիւն յայտնած էին ջանքեր գործադրելու ուղղութեամբ՝ փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ ոլորտներէ ներս շահաւէտ համագործակցութեան առաւել խորացման ուղղութեամբ։ Արարատ Միրզոյեան նշած էր, որ Երեւանի հետ Թիֆլիզի միջեւ աւանդական վստահութեան ամրապնդումը, շարունակական երկխօսութիւնն ու համագործակցութիւնը պիտի նպաստեն նաեւ տարածքաշրջանային կայունութեան։

Զրուցակից նախարարները անդրադարձած են նաեւ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին դէմ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ կատարուած ոտնձգութիւններուն եւ սադրիչ գործողութիւններու հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին։ Հայկական կողմը ընդգծած է, որ Ատրպէյճանի այս վարքագիծը լուրջ սպառնալիք մըն է տարածքաշրջանային անվտանգութեան ու կայուն զարգացման դէմ։

Արարատ Միրզոյեան խօսած է նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ հայ ռազմագերիներու չվերադարձման հարցին շուրջ։ Ան շնորհակալութիւն յայտնած է վրացական կողմին՝ մօտաւոր անցեալին միջնորդած ըլլալու համար 15 հայ ռազմագերիի վերադարձին։ Յամենայնդէպս, Ատրպէյճանէ ներս տակաւին ապօրինաբար կը գտնուին հայ ռազմագերիներու քաղաքացիական անձեր, որոնց շուտափոյթ հայրենիք վերադառնալը առաջնահերթութիւն է հայկական կողմին համար։ Ըստ Միրզոյեանի, այս կարեւորագոյն խնդրի լուծման հարցին մէջ Հայաստան կ՚ակնկալէ իր միջազգային գործընկերներու ապագայ ներգրաւուածութիւնը։

Հարկ է նշել, որ շաբաթավերջին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս տեղի ունեցաւ հերթի փոփոխութեան արարողութիւն մը՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մասնակցութեամբ։ Այսպէս, Արարատ Միրզոյեան պաշտօնը ստանձնեց՝ Արմէն Գրիգորեանէն, որ վերջին շրջանին ժամանակաւոր պաշտօնակատարի կարգավիճակով կը գտնուէր նախարարութեան ղեկին։ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնեց Գրիգորեանի թէեւ կարճ, բայց կարեւոր ծառայութեան համար, նաեւ յաջողութեան մաղթանքներ յղեց Միրզոյեանին։

Միւս կողմէ, Արարատ Միրզոյեան շաբաթավերջին Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը։ Զրուցակիցները շեշտեցին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շրջանակներէն ներս, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղեալ բանակցային գործընթացի վերսկսման եւ արդար ու տեւական քաղաքական լուծման անհրաժեշտութիւնը։ Առանձնայատուկ ընդգծուեցաւ Արցախի ժողովուրդի՝ պատմական հայրենիքէն ներս ապրելու եւ ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչումը։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 23, 2021