ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ՄԷՋ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՀԱՄԵՐԳ

Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ եզակի ձեռնարկ մը։ Այսպէս, համերգով մը հանդէս եկաւ «Պողազիչի» երիտասարդական երգչախումբը՝ Մասիս Արամ Կէօզպեքի մականին ներքեւ։ «Գրիգոր Ճամպազեան» խաղավայրին մէջ տեղի ունեցաւ համերգը, որ ձօնուած էր կայանի հիմնադրութեան 55-ամեայ յոբելեանին։

Հարկ է նշել, որ ճազի այս երգչախումբը 2011 թուականէն ի վեր թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ արտասահմանի մէջ հանդէս եկած է բազմաթիւ յաջող ելոյթներով։ Հիմնադրութեան փուլէն վերջ, 2014 թուականէն սկսեալ այս երգչախումբը իր հովանիին տակ ձեւաւորած է նոր զանազան երգչախումբեր, ինչ որ ապահոված է, որ ան համարուի դպրոց մը։ Արդարեւ, Թուրքիոյ մէջ երգչախմբային երաժշտութեան տարածում գտնելուն տեսակէտէ վերջին շրջանին այս երգչախումբը լուրջ ներդրում ունեցած է։

Կազդուրման Կայանի խնամատար մարմինը յոբելենական այս ձեռնարկը կազմակերպելու ժամանակ վայելած է Իսթանպուլի Գլխաւոր քաղաքապետութեան աջակցութիւնը։

Երէկուան ձեռնարկով Կազդուրման կայանէն ներս այս ամրան շրջանին համար նախատեսուած ձեռնարկներու շարքը հասաւ իր աւարտին։ Ինչպէս ծանօթ է, համաճարակի հետեւանքով կայանը այս տարի եւս չկրցաւ ընդունիլ մեր համայնքի համեստ խաւերու ընտանիքներու զաւակները եւ անոր փոխարէն ընկերային բնոյթով ծրագիր մը մշակուեցաւ՝ առաւել չափով ուղղուած կղզեբնակ ընտանիքներու զաւակներուն։ Երէկուան համերգին ներկայ գտնուեցան Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան, Կղզեաց քաղաքապետ Էրտէմ Կիւլ, ԱՔ կուսակցութեան կեդրոնական գործադիր մարմնի անդամներէն տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու, նոյն կուսակցութեան կղզեաց մասնաճիւղի ղեկավար Սինա Շէն, Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ, Կազդուրման կայանի խնամատար մարմնի ատենապետ Արի Չոլաք եւ իր ընկերները, ինչպէս նաեւ տնօրէնուհի Լիզա Չոլաքօղլու։ Կղզեբնակ երաժշտասէրներն ալ անմիջական մասնակցութիւն բերին երեկոյթին, որու բացումին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկան Կազդուրման կայանի խնամատար մարմնի անդամներէն Արփէն Չընար եւ Նարօտ Ավճը։

Յայտագրի գործադրութենէն վերջ ներկաները ջերմ ծափահարութիւններով ողջունեցին երգչախումբին կողմէ արձանագրուած բացառիկ յաջողութիւնը։ Այս խանդավառ մթնոլորտին մէջ սրտի խօսքերով հանդէս եկան Արի Չոլաք, Էրտէմ Կիւլ, Սինա Շէն։ Հուսկ, Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան արտասանեց օրհնութեան խօսք մը, որմէ վերջ արձակուեցան ներկաները։

Ի յիշատակ երեկոյթին՝ յուշանուէրներ յանձնուեցան խմբավար Կէօզպեքին, քաղաքապետ Կիւլին, Սինա Շէնին եւ Կղզեաց քաղաքի խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Յովսէփ Էօզաճարին։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 23, 2021