ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԱՐԱԳ ԱՊԱՔԻՆՈՒՄ ՄԱՂԹԵՑ ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը արագ ապաքինում մաղթեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանին, որ անցեալ շաբաթ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ վիրահատութեան մը ենթարկուած ըլլալով՝ ներկայիս դարմանման տակ կը գտնուի։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս շրջանին բժշկական հսկողութեան տակ է եւ նկատի ունենալով, որ համաճարակի շրջանով պայմանաւորուած յաւելեալ ռիսքեր խնդրոյ առարկայ են՝ բժիշկներու խորհուրդով իր շփումները սահմանափակուած են եւ չ՚ընդունիր այցելութիւններ։ Յամենայնդէպս, համայնքային շրջանակներուն եւ մանաւանդ՝ հաստատութիւններուն  կողմէ արագ ապաքինման մաղթանքներ կը հասնին Նորին Ամենապատուութեան։

Ապաքինման այժմու շրջանին Վեհափառ Հայրապետն ալ հեռաձայնով կապուեցաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հետ եւ փոխանցեց իր օրհնութիւններն ու շուտափոյթ ապաքինման մաղթանքները։ Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, թէ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի հովանիին ներքեւ կ՚աղօթէ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կատարեալ առողջութեան եւ արագ ապաքինման համար։

Գումգաբուի աղբիւրներու հաղորդումներով, իր կարգին, Նորին Ամենապատութիւնն ալ խորին երախտագիտութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետի բարեմաղթութիւններուն համար եւ խնդրեց անոր աղօթակցութիւնը։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 23, 2021