ՓԱՇԻՆԵԱՆ-ՄԱՔՐՈՆ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԶՐՈՅՑ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հետ։ Սա երկու ղեկավարներու վերջին շրջանի հերթական հեռախօսազրոյցն էր, որու ընթացքին անոնք անդրադարձան տարածքաշրջանի իրավիճակին եւ վերջին իրադարձութիւններուն։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փաշինեան եւ Մաքրոն շեշտեցին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան հովանաւորութեան ներքեւ խաղաղ գործընթացի վերսկսման կարեւորութիւնը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան քաղաքական կարգաւորման համար։ Երեւան բարձր կը գնահատէ տարածքաշրջանէ ներս տեւական խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման ուղղութեամբ Փարիզի կողմէ գործադրուած ջանքերը։ Փաշինեան եւ Մաքրոն կանգ առին նաեւ Հայաստան-Ֆրանսա երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքին եւ շարք մը ոլորտներէ ներս համագործակցութեան խորացման հեռանկարներուն վրայ։

Հարկ է նշել, որ Էմմանիւէլ Մաքրոն վերջին օրերուն շուրջ մէկուկէս ժամուան հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցած էր Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ՝ այլ նիւթերու շարքին շօշափելով նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

Միւս կողմէ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները դատապարտեց Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ ստեղծուած վերջին լարուածութիւնը։ Ուաշինկթըն կոչ ուղղեց կողմերուն, որպէսզի պահպանեն հրադադարի վերաբերեալ իրենց յանձնառութիւնները եւ անյապաղ քայլերու ձեռնարկեն լարուածութեան թուլացման ուղղութեամբ։

ԱՄՆ-ի Պետական քարտուղարութեան կողմէ «Արմէնփրէս» գործակալութեան կատարուած յայտարարութեան մէջ դիտել տրուեցաւ, որ Ուաշինկթըն սահմանի առկայ լարուածութիւնը կ՚ընկալէ առկայ չլուծուած հարցերու լոյսին տակ։ Ըստ Ուաշինկթընի, միայն բոլոր անլոյծ հարցերու լուծման հետամուտ համապարփակ կարգաւորումով մը հնարաւոր պիտի ըլլայ բնականոնացնել յարաբերութիւնները երկու երկիրներու միջեւ եւ տարածքաշրջանէ ներս մարդոց հնարաւորութիւն տալ՝ իրարու հետ խաղաղ ապրելու։ Այժմու փուլին ամերիկեան կողմը կը յորդորէ հնարաւորինս արագ վերադառնալ առարկայական բանակցութիւններու ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու հովանաւորութեան ներքեւ՝ հասնելու համար հակամարտութեան տեւական քաղաքական կարգաւորման։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 23, 2021