«ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ԸՆԴՈՒՆԻԼ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ՄՆԱՑԱԾ ԲՈԼՈՐ ՀԱՅԵՐԸ»

Հա­յաս­տան պատ­րաստ է ըն­դու­նիլ Սու­րիոյ մէջ մնա­ցած բո­լոր հա­յե­րը, ե­թէ նման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն յա­ռա­ջա­նայ: Այս մա­սին «Ար­մէնփ­րես» գոր­ծա­կա­լու­թեան հետ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին ը­սած է Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան՝ ա­ւելց­նե­լով, որ այս պա­հու դրու­թեամբ Սու­րիոյ մէջ 15-17 հա­զար հայ կայ: «Ե­թէ ա­նոնք ո­րո­շեն Հա­յաս­տան գալ, մեր պե­տու­թիւ­նը մի­ջազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րու, հայ­կա­կան տար­բեր կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու հետ հա­մա­տեղ ջան­քե­րու ար­դիւն­քին պէտք է ա­մէն ինչ ը­նէ զա­նոնք տե­ղա­ւո­րե­լու հա­մար: Բնա­կա­նա­բար, մենք չենք կրնար զա­նոնք ան­մի­ջա­պէս բնա­կա­րան­նե­րով ա­պա­հո­վել, սա­կայն կրնանք ա­պա­հո­վել վարձ­քով բնա­կա­րան­ներ, կար­գա­ւո­րել նաեւ տան վարձ­քի խնդի­րը, որ­պէս­զի մար­դիկ կա­րո­ղա­նան դուրս գալ այդ կրա­կի օ­ղա­կէն», ընդգ­ծած է նա­խա­րա­րը: Վեր­ջին ե­րեք ա­միս­նե­րու ըն­թաց­քին Սու­րիա­յէն Հա­յաս­տան ե­կած է 2500 սու­րիա­հայ: Յա­կո­բեան նշած է, որ այս պա­հու դրու­թեամբ Հա­յաս­տա­նի մէջ 17 հա­զար սու­րիա­հայ կը բնա­կի:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2015