ԵԸԼՏԸՐԸՄ-ՔԸԼԸՉՏԱՐՕՂԼՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլուի հետ։ ԱՔ կուսակցութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը, որ տեւեց 1 ժամ 45 վայրկեան։ Երկու առաջնորդները քննարկեցին երկրէն ներս հաստատուած արտակարգ դրութեան ընթացքին շուրջ խնդիրներ։ 15 Յուլիսի զինեալ յեղաշրջման ձախող փորձը իրականացուցած ահաբեկչական ՖԵԹԷՕ կազմակերպութեան անդամներու մաքրագործումը եւ նախատեսուած Սահմանադրական սահմանափակ բարեփոխման մասին հարցերը եկան օրակարգի վրայ։ Եըլտըրըմ ընդդիմադիր կուսակցապետին խոստացաւ հրապարակել շրջաբերական մը՝ որպէսզի անստորագիր մատնութեան նամակները նկատի չառնուին։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Եըլտըրըմ զրոյցի ընթացքին տեղեկացուցած է, որ անհրաժեշտութեան պարագային արտակարգ դրութիւնը կրնայ երկարաձգուիլ։
Միւս կողմէ, Պինալի Եըլտըրըմ երէկ հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ ՄՀՓ-ի կուսակցապետ Տեւլէթ Պահչելիի հետ։