ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 25-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ ԵՐԿՈՒ ՆՈՐ ՆԱՄԱԿԱՆԻՇ

«Հայ­փոստ Թրասթ Մե­նեճ­մընթ» շրջա­նա­ռու­թեան մէջ  դրած է եր­կու նա­մա­կա­նիշ՝ նուի­րուած Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ան­կա­խու­թեան 25-ա­մեա­կին:

«Հայ­փոստ»ի մա­մու­լի ծա­ռա­յու­թեան փո­խան­ցած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով՝ ներ­կա­յաց­ման պաշ­տօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցած է Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հի նս-տա­վայ­րին մէջ: Ներ­կա­յա­ցու­մը ի­րա­կա­նա­ցու­ցած է  Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան:

Նա­մա­կա­նի­շե­րը ու­նին 200 եւ 300 դրամ ա­նուա­նա­կան ար­ժէք, տըպ-ւած են Ֆրան­սա՝ «Կար­տոր» տպա­րա­նին մէջ:

200 դրամ ա­նուա­նա­կան ար­ժէ­քով նա­մա­կա­նի­շին վրայ պատ­կե­րուած են «25-ա­մեակ» եւ «Ան­կա­խու­թիւն» ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ՝ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ծա­ծա­նող ե­ռա­գոյն դրօ­շը կա­պոյտ եր­կին­քի խո­րա­պատ­կե­րին՝ խորհր­դան­շե­լով երկ­րի 25-ա­մեայ ան­կա­խու­թիւ­նը եւ պե­տա­կա­նու­թիւ­նը:

300 դրամ ա­նուա­նա­կան ար­ժէ­քով նա­մա­կա­նի­շին վրայ պատ­կե­րուած է «25-ա­մեակ» ար­ձա­նագ­րու­թիւ­նը, որ կազ­մուած է Ե­րե­ւան քա­ղա­քի պատ­կեր­նե­րու քո­լա­ժի տես­քով՝ ցոյց տա­լով նո­րան­կախ պե­տու­թեան զար­գա­ցու­մը անց­նող քսան­հինգ տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին:

Նա­մա­կա­նի­շե­րու ձե­ւա­ւոր­ման հե­ղի­նակ­ներն են «Հայ­փոստ Թրասթ Մե­նեճ­մընթ»ի կա­ռա­վա­րող տնօ­րէն Խուան Փապ­լօ Կե­չի­ճեան եւ «Հայ­փոստ»ի ձե­ւա­ւո­րող­ներ Վա­հագն Մկրտչեան եւ Դա­ւիթ Տով­լա­թեան:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 23, 2016