ՄԵՀՄԷՏ ԱԼԹԱՆ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԵՑԱՒ, ԻՍԿ ԱՀՄԷՏ ԱԼԹԱՆ ԱԶԱՏ ԱՐՁԱԿՈՒԵԼԷ ՎԵՐՋ ԴԱՐՁԵԱԼ ԱՌՆՈՒԵՑԱՒ ՀՍԿՈՂՈՒԹԵԱՆ ՏԱԿ

15 Յու­լի­սի ձա­խող պե­տա­կան հա­րուա­ծին զու­գա­հեռ ձեռ­նար­կուած հար­ցաքն­նու­թեան շրջագ­ծով ձեր­բա­կա­լուե­ցաւ յայտ­նի մտա­ւո­րա­կան մը՝ Փրոֆ. Մեհ­մէտ Ալ­թան։ Հարկ է նշել, որ ա­ւե­լի քան տասն օ­րէ ի վեր Մեհ­մէտ Ալ­թան եւ իր եղ­բայ­րը՝ լրագ­րող-հրա­պա­րա­կա­գիր Ահ­մէտ Ալ­թան կը հար­ցաքն­նուէին։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը տե­ղե­կա­ցուց, որ հար­ցաքն­նու­թե­նէն վերջ դա­տա­րա­նը ո­րո­շած է կա­լա­նա­ւո­րել Մեհ­մէտ Ալ­թա­նը։

Ահ­մէտ Ալ­թան, որ ե­րէկ ա­զատ ար­ձա­կուած էր, այս ա­ռա­ւօտ Շիշ­լիի մէջ վերս­տին հսկո­ղու­թեան տակ առ­նուե­ցաւ ոս­տի­կա­նու­թեան կող­մէ։ Ար­դա­րեւ, դա­տա­խա­զու­թիւ­նը ա­ռար­կու­թիւ­նով հան­դէս ե­կաւ՝ Ահ­մէտ Ալ­թա­նի ա­զատ ար­ձա­կուե­լու կար­գադ­րու­թեան դէմ։ Ուս­տի ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը վերս­տին հսկո­ղու­թեան տակ ա­ռաւ զին­քը։ Ան տա­րուե­ցաւ Վա­թան պո­ղո­տա­յի Իս­թան­պու­լի անվ­տան­գու­թեան տնօ­րէ­նու­թիւ­նը, ուր հար­ցաքն­նուե­ցաւ։ Ահ­մէտ Ալ­թան այ­սօր կը տա­րուի Չաղ­լա­յա­նի ար­դա­րա­դա­տու­թեան ա­տեա­նը, ուր կը շա­րու­նա­կուի իր հար­ցաքն­նու­թիւ­նը դա­տա­խա­զին կող­մէ։

Ալ­թան եղ­բայր­նե­րու հար­ցաքն­նու­թեան պատ­ճառ դար­ձած էին պե­տա­կան հա­րուա­ծի փոր­ձէն օր մը ա­ռաջ ի­րենց մաս­նակ­ցած հե­ռուս­տա­հա­ղոր­դու­մի մը ըն­թաց­քին կա­տա­րուած կարգ մը յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 23, 2016