ԱՆԳԱՐԱՅԷՆ ԱՀԱԶԱՆԳ

Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան կողմէ 25 Սեպտեմբերին նախատեսուած անկախութեան հանրաքուէն կը շարունակէ լարուածութեան տեղի տալ տարածքաշրջանէն  ներս։ Թուրքիա եւ տարածքաշրջանի միւս բոլոր դերակատարները այս շրջանին ծայր աստիճան վերապահութեամբ կը վերաբերուին սոյն հանրաքուէին նկատմամբ եւ Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութիւնը կը զգուշացնեն՝ որպէսզի հրաժարի այս քայլէն։ Թէեւ առայժմ մեծ յոյսեր չկան այս ուղղութեամբ, սակայն միջազգային ընտանիքը հետզհետէ կը սաստկացնէ իր ճնշումները։ Առայժմ միայն Իսրայէլ կը պաշտպանէ այս հանրաքուէն։

Թուրքիա բազմակողմանի միջոցներ ձեռք կ՚առնէ Հիւսիսային Իրաքէ ներս նախատես-ւած խմորումներուն եւ շարժումներուն պարագային։ Կառավարութիւնը որոշմնագիր մը պատրաստած է, որ յառաջիկայ օրերուն Ազգային մեծ ժողովի օրակարգին վրայ պիտի գայ։ Խորհրդարանէն առաջ այդ փաստաթուղթը երէկ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ժողովին ընթացքին քննարկման ենթարկուեցաւ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ։

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ, երէկ, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը գումարեց ժողով մը, որ տեւեց 3 ժամ 10 վայրկեան։ Բազմակողմանի քննարկումներէ վերջ հրապարակուեցաւ զեկոյց մը, որու բովանդակութիւնը բաւական խիստ է։ Այսպէս, Թուրքիա Հիւսիսային Իրաքի մէջ նախատեսուած անկախութեան հանրաքուէն կը համարէ ապօրինի, անընդունելի։ Անգարայի համոզմամբ, այդ հանրաքուէն անխուսափելիօրէն ժխտական հետեւանքներու ծնունդ կրնայ տալ, հետեւաբար պէտք չէ երթալ այդպիսի սխալ քայլի մը։ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ժողովէն վերջ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ ընդգծուած է նաեւ, որ Թուրքիա այս փուլին ինքզինքին կը վերապահէ այն բոլոր իրաւունքները, որոնք կը բխին երկկողմանի կամ միջազգային բնոյթով փաստաթուղթերէն։

Ազգային անվտանգութեան խորհուրդին կողմէ ընդունուած եւ խորհրդարան ուղարկուած որոշմնագիրը կ՚ենթադրէ Թուրք զինեալ ուժերուն գործողութիւններ իրականացնելու իրաւունք տալ սահմանէն ներս եւ սահմանէն անդին։ Գլխաւոր ընդդիմադիր ՃՀՓ-ն ալ երէկ տեղեկացուց, որ եթէ այդ որոշմնագիրը Թուրք զինեալ ուժերուն դիրքը պիտի ամրապնդէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի մէջ, ապա իրենք պատրաստակամ են զայն պաշտպանելու։ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի զեկոյցին մէջ ընդգծուած է, որ այս հանրաքուէն սպառնալիք մըն է Թուրքիոյ ազգային անվտանգութեան տեսակէտէ։

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան, որ վերջին օրերուն կը գտնուէր Նիւ Եորքի մէջ, իր շփումներու աւարտին զրուցեց այն մամլոյ սպասաւորներուն հետ, որոնք հետեւեցան իր ուղեւորութեան։ Անդրադառնալով Հիւսիսային Իրաքի մէջ նախատեսուած անկախութեան հանրաքուէին՝ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտնեց, որ այդ տարածքները միայն քիւրտերուն չեն պատկանիր։

Միւս կողմէ, Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան ղեկավար Մեսուտ Պարզանի յայտնեց, որ այլեւս շատ ուշ է նախատեսուած հանրաքուէի յետաձգման համար։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 23, 2017