ԳԱՏԻՐ ԹՈՓՊԱՇ ՀՐԱԺԱՐԵՑԱՒ

Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Գատիր Թոփպաշ երէկ հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ Սարաչհանէի քաղաքապետարանին մէջ, երէկ ժամը 18.30-ին ան սարքեց մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն տեղեկացուց, որ կը լքէ իր պաշտօնը։ Գատիր Թոփպաշ շեշտեց,  որ այս փուլին չունի որեւէ դառնութիւն եւ կը շարունակուի իր կուսակցութեան հետ յարաբերութիւնը։

ԱՔ կուսակցութեան շրջանակները անմիջապէս արձագանգեցին Գատիր Թոփպաշի այս որոշման։ Կուսակցութեան ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ յարգանք կը տածեն Թոփպաշի այս որոշման նկատմամբ։ Իսթանպուլի նոր քաղաքապետի ընտրութեան գործընթացը պիտի սկսի տասն օրուան ընթացքին՝ կուսակալութեան նախաձեռնութեամբ ընթացակարգով նախատեսուած ձեւով։

Գատիր Թոփպաշ 2004 թուականէն ի վեր կը վարէր Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի պաշտօնը։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 23, 2017