ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 26-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԹԻՒ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՆ ԲԱԶՄԱԹԻՒ ՇԱՏ ՅԱՅՏՆԻ ԴԷՄՔԵՐ

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 26-րդ տարեդարձի տօնակատարութիւններուն արձագանգները կը շարունակուին։ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան այս տարի կատարեց ուշագրաւ պարգեւատրումներ եւ բարձր գնահատանքի արժանացուց բազմաթիւ ծանօթ դէմքեր։ Այս տարուան պարգեւատրումներու ծիրէն ներս ամենաուշագրաւն էր, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Բարձրագոյն կոչման արժանացաւ արժանթինահայ գործարար ու ազգային բարերար  Էտուարտօ Էօրնէքեան, որ հռչակուեցաւ Ազգային հերոս։ Էտուարտօ Էօրնէքեան ներկայ չկրցաւ գտնուիլ 21 Սեպտեմբերի պարգեւատրման արարողութեան, սակայն իրեն արժանացած կոչումը ստեղծեց շատ լայն արձագանգ։ Ազգային հերոսի այս կոչման առընթեր Հայաստանի պետական բարձր պարգեւներով եւ մրցանակներով խրախուսուած դէմքերու շարքին գտնուեցան կարգ մը շատ ծանօթ անուններ։ Այս շարքին մէջ կարելի է թուարկել հետեւեալները.

Ազգային բարերար Վաչէ Մանուկեան, երաժիշտ Նարեկ Հախնազարեան, Հայաստանի Պետական ակադեմական երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար Յովհաննէս Չեքիճեան, աշխարհահռչակ տուտուկահար Ճիւան Գասպարեան, «Արմէնփրէս» լրատուական գործակալութեան լուսանկարչութեան բաժնի տնօրէն Ֆելիքս Առուստամեան, արժանթինահայ գործարար Խուան Փապլօ Քեչեճեան, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն Վազգէն Եագուպեան, սփիւռքահայ յայտնի գործարար Ռալֆ Եիրիկեան, Լոնտոնի մօտ Հայաստանի դեսպան Արմէն Սարգսեան, Արցախի նախկին նախագահ Արքատի Ղուկասեան, Հայաստանի Նկարիչներու միութեան նախագահ Կարէն Աղամեան, եւրոպահայ յայտնի գործիչ Վահէ Կապրաշ, շարժանկարի յայտնի քննադատ Դաւիթ Մուրատեան եւ այլ բազմաթիւ դէմքեր։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 23, 2017