ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԿԱՐՕ ՓԱՅԼԱՆԸ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Իսթանպուլի երեսփոխան Կարօ Փայլանը, որ Երեւանի մէջ վերջին օրերուն մասնակցեցաւ Համահայկական 6-րդ համաժողովին։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Սերժ Սարգսեան ողջունեց Կարօ Փայլանը, կարեւորեց համահայկական օրակարգի խնդիրներուն նուիրման ուղղեալ համաժողովին անոր մասնակցութիւնը եւ այդ խնդիրներու լուծման իր նպաստը բերելու պատրաստակամութիւնը։

Կարօ Փայլան Սերժ Սարգսեանին ներկայացուց Թուրքիոյ հայ համայնքի ներկայ վիճակը։ Զրոյցի տեւողութեան շօշափուեցան համայնքային կեանքին վերաբերեալ հարցեր, որոնց Կարօ Փայլան կ՚անդրադառնայ նաեւ Ազգային մեծ ժողովէն ներս։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 23, 2017