«ԳՈՒԹԱՆ» ՓԱՌԱՏՕՆԸ

Ազգագրական երգ ու պարը՝ Տաւուշի մէջ. «Գութան» փառատօնին տասներեք համոյթ կը մասնակցի։ Հայաստանի աւանդական երգ ու պարի «Գութան» ամենամեայ փառատօնը այս տարի տեղի կ՚ունենայ սեպտեմբերի 25-26-ին Տաւուշի մարզի սահմանապահ տասներեք համայնքներէն ներս՝ Բաղանիս, Կոթի, Բերդաւան, Ոսկեպար, Բերքաբեր, Վազաշէն, Պառաւաքար, Այգեպար, Ներքին Կարմիրաղբիւր, Արծուաբերդ, Մովսէս, Չինարի եւ Բերդ քաղաքին մէջ:

Այս առթիւ փառատօնի հիմնադիր-ղեկավար, Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Արսէն Գրիգորեան կ՚ընդգծէ, որ վերջապէս Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան աջակցութեամբ, կ՚իրականանայ վեց տարուայ իր փայփայած կարեւոր երազանքներէն մէկը՝ «Գութան»ը՝ սահմանապահ Տաւուշի մէջ:

Փառատօնին այս տարի կը մասնակցի տասներեք խումբ: «Ակունք», «Սասնայ ծռեր», «Վան», «Արդուին», «Մասունք, «Նուպար», «Վերադարձ», «Կորանի», «Վարք հայոց», «Սեբաստացիներ», «Մարաթուկ», «Արեգ» եւ «Մարաթուկցիներ» ազգագրական խումբերը ելոյթներ կ՚ունենան սահմանապահ համայնքներու մէջ՝ մէկ խումբ-մէկ համայնք ձեւաչափով, այնուհետեւ բոլոր խումբերը միասին ելոյթ կ՚ունենան Բերդի մէջ, ուր կը կայանայ գլխաւոր համերգը:

«Շուրջ 250 արուեստագէտներ իրենց աւանդական, հայրենասիրական, ոգեկոչող եւ ժողովրդական երգ ու պարով նոր տրամադրութիւն կը հաղորդեն մեր սահմանապահ տաւուշցիներուն ու զինուորներուն, որոնք կարիքն ունին յատկապէս յուլիսեան իրադարձութիւններէն յետոյ», ըսած է Արսէն Գրիգորեան։ Ան յաւելած է, որ համավարակի պատճառով արուեստագէտները, զրկուած ըլլալով կենդանի համերգներու եւ հաղորդակցութեան հնարաւորութենէն, ունեցան ստեղծագործական երկարատեւ դադար, եւ «Գութան»ի շնորհիւ իրենց կուտակած ողջ սէրն ու աշխուժութիւնը կը փոխանցեն սահմանապահ տաւուշցիներուն:

Կազմակերպիչները փառատօնի միջոցով կը փափաքին իրենց երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնել տաւուշցիներուն եւ քաջարի զինուորներուն, զինուորականներուն՝ հայրենիքի դարպասները ամուր եւ երկինքը խաղաղ պահելու համար։

««Գութան»ի նպատակն է ազգային երգն ու պարը տարածել, ճանաչելի դարձնել երիտասարդ սերունդին, անոնց փոխանցել մեր մշակութային հարուստ ժառանգութիւնը», նշած է Արսէն Գրիգորեան ու կը տեղեկացնէ, որ փառատօնը բացառիկ է նաեւ իր հասանելիութեամբ, բացօթեայ է եւ անվճար, նախատեսուած՝ ընկերային բոլոր խումբերու համար:

Փառատօնը կ՚իրականացուի նոյն թեքնիկ ձեւաչափով ու որակով, ինչպէս անցեալ վեց տարիներուն: Երեւանէն Բերդ կը տեղափոխուի հզօր եւ ժամանակակից մեծ բեմ, լուսային եւ ձայնային սարքաւորումներ։ Ամբողջութեամբ կ՚ապահովուին կենդանի հնչողութիւն եւ կատարումներ:

Փառատօնի ընթացքին կը յարգուին քորոնաժահրի համավարակի կանխարգիլման բոլոր կանոնները:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2020