ԱՄԵՆԱՎԱՏ ՆՈՒԷՐՆԵՐԸ…
Ընկերային ցանցի մը մէջ պատմած են ծննդեան օրուայ առթիւ ամենավատ նուէրներու մասին։ Reddit-ի օգտատէրերը թուարկած են այն ամենաահաւոր նուէրները, որոնք ստացած են իրենց տարեդարձին առիթով։
sneakysnakeeeee օգտատէրը պատմած է, որ մայրը իրեն նուիրած է իր սեփական ֆուլարը: «Այո, մայրս մտաւ իմ սենեակ եւ առաւ իմ միակ ֆուլարը, զայն ծրարեց եւ ինծի յանձնեց, կարծես այն նոր ըլլար», անկեղծօրէն պատմած է ան:
BBoySlim-ը խոստովանած է, որ իր HR ընկերութենէն բողոք ստացած է այն մասին, թէ երկու գործընկերները վիճած են իր ծննդեան օրուայ կապակցութեամբ իրեն անակնկալ ընելու պատճառով:
PM_ME_UR_CLEAVE օգտատիրոջ մեծ մայրիկը իրեն նուիրած է սանտր մը՝ ձիու գլխի ձեւ ունեցող բռնակով: Ընդ որում այն կոտրուածքներ ունէր, իսկ ատամներու վրայ մազեր կային:
Mikeardigan-ը պատմած է այն մասին, որ իրեն ու եղբօրը մեծ մայրիկն ու մեծ հայրիկը փոքր աքցանիկներու հաւաքածոյ նուիրած են տասն տարի շարունակ:
«Մայրս ինծի ստեպղինով կարկանդակ նուիրած է իմ ամէն ծննդեան օրուայ առթիւ։ Ես կ՚ատեմ զայն։ Բայց զայն կը սիրէր հայրս», պատմած է stayrootedsucculents-ը:
Նաեւ «նուէրներու» շարքին նշուած են ծնողներու բաժանման մասին նորութիւնները, ծաղիկներու համար պարարտանիւթերը, օգտագործուած նախշանկարները՝ 18-ամեակի առթիւ, օգտագործուած մոմերը, ինչպէս նաեւ բացիկ մը հօրը կողմէ, որ սրտնեղած էր մեծ մայրիկի յուղարկաւորութեան իր ներկայ չըլլալուն համար։