ԵՂԱՆԱԿԱՅԻՆ ԿՐԻՓԻՆ ՎՏԱՆԳՆԵՐԸ

Կրիփով եւ քորոնաժահրով միաժամանակեայ վարակումը կը կրկնապատկէ մահուան ռիսքը։ Այսպէս, եղանակային  կրիփով եւ նոր քորոնաժահրով միաժամանակեայ վարակումը կը կրկնապատկէ մարդոց մահուան ռիսքը: Երէկ այս մասին յայտնած է The Daily Telegraph թերթը՝ վկայակոչելով Անգլիոյ Public Health England (PHE) կառավարական ծառայութիւնը։

Նոր հետազօտութեան համաձայն, որու շրջանակին մէջ ուսումնասիրուած են այս տարուայ յունուարէն մինչեւ ապրիլ հիւանդանոցներու մէջ բուժում տեսած հիւանդներու պատմութիւնները, «գերվարակով» հիւանդներու մահացութեան մակարդակը կը կազմէ 43 տոկոս, մինչդեռ միայն քորոնաժահրով վարակուածներունը՝ 23 տոկոս:

Ինչպէս նախապէս ալ տեղեկացուցած է The Daily Telegraph-ը, Անգլիոյ շուրջ 30 միլիոն բնակիչներ կը ստանան եղանակային կրիփի դէմ անվճար պատուաստման իրաւունք, ինչ որ Առողջապահութեան ազգային ծառայութեան (NHS) կ՚օժանդակէ աւելի արդիւնաւէտ յաղթահարել քորոնաժահրի տարածման հնարաւոր երկրորդ ալիքը: Բնակչութեան պատուաստման՝ Անգլիոյ պատմութեան մէջ ամենամեծ ծրագիրը կ՚ընդգրկէ յիսուն տարիքը բոլորած բոլոր բնակիչները, մինչեւ տասներկու տարեկան երեխաները, բուժաշխատողները եւ բնակչութեան խոցելի խումբերու ներկայացուցիչները:

Անգլիոյ կառավարութիւնը յոյս ունի, որ այս միջոցը կը յանգեցնէ կրիփով վարակուած մարդոց թիւի կտրուկ կրճատման եւ հնարաւորութիւն կու տայ խուսափիլ NHS-ի գերբեռնուածութենէ: Կ՚ակնկալուի, որ զանգուածային պատուաստումը կը նուազեցնէ կրիփի ախտանիշներով մարդոց թիւը, որոնք վարակման պարագային պէտք է քորոնաժահրի քննութեան ենթարկուին։ Անգլիան համավարակէն առաւել տուժած երկիրներէն մին է։

Առողջապահութեան նախարարութեան տուեալներով՝ Անգլիոյ մէջ ախտահարուած է շուրջ 400 հազար հոգի, որոնցմէ աւելի քան 41 հազարը մահացած է: Իսկ վերջին 24 ժամուան ընթացքին վարակեալներու թիւը գերազանցած է 4 հազարի շեմը՝ վերադառնալով մայիսի սկիզբի մակարդակը:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2020