ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԻՄՆԱԽՆԴԻՐԸ ԱՐԾԱՐԾՈՒԵՑԱՒ ՄԱԿ-Ի ՆՈՐ ՆՍՏԱՇՐՋԱՆԻ ԲԱՑՄԱՆ ՓՈՒԼԻՆ

ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր՝ 75-րդ նստաշրջանի բացումը առիթ հանդիսացաւ հերթական անգամ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի շօշափուելուն։ Այս տարի թէեւ աշխարհի երկիրներու ղեկավարները Նիւ Եորքի մէջ չեն համախմբուած քորոնաժահրի համաճարակի հետեւանքով, սակայն անոնք հեռավար դրութեամբ կը փոխանցեն իրենց պատգամները՝ միջազգային օրակարգի հրատապ հարցերուն շուրջ։ Անոնց ելոյթները առցանց կը սփռուին ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի դահլիճի պաստառներէն, նաեւ ՄԱԿ-ի YouTube-ի կայանէն։

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ նոր նստաշրջանի բացման ժամանակ անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Վերջին տարիներուն ձեւաւորուած նախընթացով՝ նախագահ Էրտողան ՄԱԿ-ի հարթակին վրայ հերթական անգամ խօսեցաւ ղարաբաղեան հիմնախնդրին շուրջ, անշուշտ, Թուրքիա-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն համապատասխան տրամաբանութեամբ։ «Հայաստան յուլիսին յարձակեցաւ Ատրպէյճանի հողերուն վրայ եւ այսպէսով անգամ մը եւս ապացուցուեցաւ, որ ան Հարաւային Կովկասէ ներս մշտական խաղաղութեան ու կայունութեան տեսակէտէ ամենամեծ խոչընդոտն է։ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի գլխաւորութեամբ, տարածքաշրջանային հակամարտութիւնները պէտք է ժամ առաջ կարգաւորուին Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի տարածքային ամբողջականութեան ու գերիշխանութեան, նաեւ ՄԱԿ-ի եւ ԵԱՀԿ-ի որոշումներուն ուղղութեամբ», ըսաւ Էրտողան։ Ուշագրաւ էր, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին անդրադառնալու ժամանակ Էրտողանի փոխանցած պատգամները ընդգրկած են Վրաստանի վերաբերեալ երեսակներ։ Արդարեւ, Վրաստանի տարածքային ամբողջականութեան վերաբերեալ հարցերը ուղղակիօրէն կ՚առընչուին Ռուսաստանի, որ ղարաբաղեան հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացի առաջնահերթ դերակատարներէն մին է։

Իր կարգին, Նիկոլ Փաշինեանն ալ ՄԱԿ-ի նոր նստաշրջանի բացման առթիւ ակնարկեց  Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան եւ ընդգծեց, որ ինքնորոշման իրաւունքի մերժումը կրնայ պատճառ դառնալ մի միայն բռնաճնշման եւ նոր բռնութիւններու։

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւն ալ, բնականաբար, խօսեցաւ նոյն հարցին շուրջ։ Երէկ իսկ Ստեփանակերտի ղեկավարութիւնը արձագանգեց իր յայտարարութիւններուն։ Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, ըստ որու եթէ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները հետաքրքրուած են տարածքաշրջանէ ներս երկարատեւ խաղաղութեան հաստատմամբ, ապա պէտք է հրաժարին ռազմական շանթաժի եւ սպառնալիքներու քաղաքականութենէն։ Արցախի իշխանութիւնները դիտել տուին, որ շանթաժի եւ սպառնալիքներու վրայ հիմնուած Պաքուի վաղեմի ռազմավարութիւնը ապացուցանած է իր սնանկութիւնը։ Նոյն յայտարարութեան մէջ մատնանշուած է, որ Ատրպէյճան հակամարտութեան էութիւնը կը խեղաթիւրէ եւ կը խոչընդոտէ լիարժէք ձեւաչափով բանակցութիւններու վերականգնումը։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2020