ԿԱՐԻՔՆԵՐՈՒ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ

Միջազգային իրադարձութիւնները որքան որ ալ յարափոփոխ բնոյթ ունենան, Լիբանանի առկայ հրատապ կարիքները կը շարունակեն առաջնահերթութիւն ներկայացնել համաշխարհային օրակարգի վրայ։ Պէյրութի նաւահանգիստի սարսափելի պայթումի ծանր հետեւանքներու յաղթահարումը, ակնյայտ է, որ կը կարօտի մեծ ներդրումներու եւ երկար ժամանակի։ Այս իրավիճակին մէջ լիբանանահայութիւնն ալ կը շարունակէ իր յամառ պայքարը՝ հնարաւորինս վերադառնալու համար բնականոն կեանքի, ինչ որ պայմանաւորուած է թէ՛ համայնքային հաստատութիւններու վերականգնումով եւ թէ անհատներու կամ ընտանիքներու խնդիրներու լուծումով։ Այս իրավիճակին մէջ, պայթումին յաջորդած առաջին իսկ պահէն սկսեալ անընդհատ կ՚աշխատի Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ)։ Շաբաթներէ ի վեր ՀԲԸՄ բոլոր միջոցները շարժման անցուցած է հասնելու համար լիբանանահայութեան կարիքներուն։ ՀԲԸՄ-ի կամաւորները դաշտի վրայ կը համագործակցին Հայ երիտասարդաց ընկերակցութեան (ՀԵԸ) անդամներուն հետ։ Կը հաղորդուի, որ ՀԲԸՄ- ի եւ ՀԵԸ-ի պատասխանատուները եւ կամաւոր երիտասարդները կը շարունակեն այցելել Պէյրութի պայթումին հետեւանքով վնասուած բնակարանները։ Անոնք մէկ կողմէ վնասուած շէնքերու պարագային ընդհանուր գնահատական մը կը կատարեն, իսկ միւս կողմէ կը մաքրեն ճամբաներ, հաստատութիւններու շէնքեր կամ բնակարաններ։ Պայթումին յաջորդած աշխատանքներու ամբողջին մէջ ներկայիս արդէն սկսած է երկրորդ փուլը։

Պէյրութէն հասած վերջին լուրերը եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի աղբիւրներուն կողմէ հրապարակուած վերջին հաղորդագրութիւնը այս բոլորին շուրջ կը բովանդակեն մանրամասնութիւններ։ Այսպէս, ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային յանձնաժողովի ատենապետ Ժերար Թիւֆէնքճեան եւ անդամներ, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ, ՀԵԸ-ի սկաուտական զոյգ շարժումները իրենց բոլոր խմբապետական կազմերով, ՀԵԸ-ի զանազան վարչութիւնները, ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի գրասենեակներու պաշտօնէութեան մասնակցութեամբ խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցան, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Նազարեան-Զապէլ Մովսէսեան» կեդրոնին մէջ: Հանդիպումին ընթացքին բացատրուեցաւ երկրորդ փուլի աշխատանքին բնոյթը:

Ան կը կեդրոնանար վնասուած բնակարաններու հիմնական նորոգութեան՝ դուռ, պատուհան, պատ, որպէսզի մինչեւ աշնանամուտ բնակելի եւ ապահով դառնային մեր հայրենակիցներուն բնակարանները:

Միութենական պատասխանատուներու ընկերակցութեամբ ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս եւ ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւան սկաուտական խումբերը, խմբապետական կազմեր, առաջնորդներ երէց, սկաուտ, քառավելներ, արենուշներ եւ ՀԲԸՄ-ի վարժարաններու ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ տարբեր խմբակներու բաժնուելով, նոր արշաւի մը ձեռնարկեցին մայրաքաղաքին աւերուած շրջանները՝ Էշրեֆիյէ, Ճըմէյզի, Սայֆի, Մար Միխայիլ, Հաճըն եւ Խալիլ Պատաուի:

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Նազարեան-Զապէլ Մովսէսեան» կեդրոնին մէջ, Աղէտի մարմինի անդամներ, ՀԵԸ-ի գրասենեակներու աշխատակիցներ՝ Շողիկ Թաքաճեան եւ Արաքսի Կեպենլեան, համագործակցաբար ՀԲԸՄ-ի գրասենեակի պատասխանատու Արին Ղազարեանի եւ անդամներու, հեռաձայնի միջոցով կ՚ընդունէին օգնութեան կարիք ունեցող հայորդիներուն անունը, անոնց բնակարանին հասցէն եւ հեռաձայնի համարը:

Իւրաքանչիւր խումբ բաղկացած էր երեք անդամներէ: Դիմորդներուն բնակարանը հասնելէ ետք, մեր տղաքն ու աղջիկները կը նկարէին վնասուած բաժինները: Տան բնակիչները կը պատասխանէին իրենց յղուած հարցումներուն, այսպիսով կ՚ամբողջանար դիմորդին ծրարը:

Կատարուած արձանագրութիւնները «շտապ գիծ»ով անմիջապէս կը փոխանցուէին ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Նազարեան-Զապէլ Մովսէսեան» կեդրոնին մէջ գործող Աղէտի մարմինին: Օրուան վերջաւորութեան, բոլոր խումբերը կը վերադառնային ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Նազարեան-Զապէլ Մովսէսեան» կեդրոնը, ուր գլխաւորութեամբ ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային յանձնաժողովի անդամ, ճարտարապետ Սարգիս Քէօշկերեանի, Աղէտի մարմինի անդամներուն հետ միասնաբար կը ստուգէին պատրաստուած թղթածրարները: Անոնք միաժամանակ կը ստանային յաջորդ օրուան համար նախատեսուած այցելութիւններուն ցանկը:

Աղէտի մարմինը վերանորոգութեան ծրարը կը յանձնէր իր տրամադրութեան տակ գտնուող կառուցանողներուն (քոնսթրաքթըր), որոնք մեր տղոց հետ դարձեալ կ՚այցելէին վնասուած բնակարանները, գնահատումներ կատարելու նպատակով, որուն կը յաջորդէին վերանորոգութեան աշխատանքները:

Պայթումէն մինչեւ օրս, մեր սկաուտական զոյգ շարժումներուն՝ տղաքն ու աղջիկները այցելած են ութ հարիւր եւ աւելի բնակարաններ:

Այստեղ գնահատանքի խօսք ունինք յայտնելու մեր միութենականներուն՝ իրենց նուիրական աշխատանքին համար: Սակայն, նոյնինքն զոյգ սկաուտական շարժումներու անդամ-անդամուհիներուն եւ պատասխանատուներուն վկայութեամբ, բոլորանուէր եւ օրինակելի ծառայութեամբ, տիպար միութենականներ՝ Եղիկ Աւետիքեան, Գալին Առաքելեան եւ Ալեքս Առաքելեան արժանի են աւելիին: Անոնք իբրեւ մարդ եւ քաղաքացի լաւագոյնը մատուցեցին յանուն իրենց լիբանանահայ քոյրերուն եւ եղբայրներուն բարօրութեան:

Ծառայելու պատրաստակամութեան անոնց ոգին, առաքինութիւն եւ առաքելութիւն է միաժամանակ՝ պարտականութեան գիտակցութեան եւ իսկական միութենականի վկայութիւն:

Բոլորին վարձքը կատար:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2020