ՄՈՑԱՐԹԸ ՔԱՂԱՔԻՆ ՄԷՋ

Մոցարթի երաժշտութեան ներքոյ Երեւանի բակերէն մէկուն մէջ կը ցուցադրուին նկարիչ Արթուր Յովհաննիսեանի գործերը։ Այսպէս, «Մոցարթը քաղաքին մէջ» խորագրով միջոցառման շրջանակէն ներս կը միաւորուին մեծանուն յօրինողի երաժշտարուեստն ու հայ ժամանակակից նկարիչ Արթուր Յովհաննիսեանի Forms And Reflections շարքի քաղաքաշինական աշխատանքները: Համերգ-ցուցահանդէսը, որու կը մասնակցին Ֆիլհարմոնիք նուագախումբի երաժիշտները՝ ֆլէյտահար Նարեկ Աւագեան, ջութակահար Արամ Ասատրեան, ալտահար Մերի Տոլմազեան եւ թաւջութակահար Վահէ Դանիէլեան, տեղի կ՚ունենայ սեպտեմբերի 23-ին «Լոֆթ»ի բակին մէջ:

«Լոֆթ» ինքնազարգացման եւ ժամանցի կեդրոնի ստեղծագործական ղեկավար Ալեքս Միրզոյեան ըսաւ, որ վաղուց մտադիր էին համագործակցիլ Ֆիլհարմոնիք նուագախումբի հետ: «Համավարակի տարածման պայմաններուն ներքեւ նուագախումբը չի կրնար համերգներով հանդէս գալ մեծ տարածքներէ ներս, եւ ես առաջարկեցի մեր բակին մէջ հիւրընկալել նուագախումբի երաժիշտները, իսկ ինչո՞ւ «Մոցարթը քաղաքին մէջ», քանի որ Արթուր Յովհաննիսեանի բոլոր աշխատանքները քաղաքաշինական ոճով են: Իր ստեղծագործութիւններու կարգին պատկերուած է Երեւանի փոխադրամիջոցները՝ հանրաշարժները, թաքսիները եւ այլն», պատմեց Միրզոյեան ու յաւելեց, որ կտաւները հետաքրքրական լուսաւորութեան ներքոյ կը ներկայացուին բարձրայարկ շէնքերու պատերուն:

Անդրադառնալով Մոցարթին՝ ան ընդգծեց, որ աւստրիացի յօրինողը ժամանակակից կեանքին մէջ ունի իր ուրոյն տեղը, եւ այս բացօթեայ միջոցառմամբ իրենք կը կոտրեն այն կարծրատիպը, թէ դասական երաժշտութիւնը պէտք է ունկնդրել ակադեմական օճախներու՝ համերգասրահներու, թանգարաններու մէջ եւ այլն: «Կ՚ուզենք ըսել, որ այդ հրաշալի երաժշտութիւնը կարելի է վայելել բացօթեայ հարթակի մէջ: Այս ձեւով ան կրնայ հետաքրքրել նաեւ այն մարդիկը, որոնք երբեւէ չեն եղած համերգասրահի մէջ ու չեն ունկնդրած Մոցարթի ստեղծագործութիւնները: Ի վերջոյ՝ բակը ամէն մարդու համար շատ հարազատ տարածք մըն է, քանի որ բակէն յետոյ կայ տունը: Այս համերգով եւ ցուցահանդէսով Մոցարթը կը մօտեցնենք մարդուն, չէ՞ որ ան կու գայ բակ», շեշտեց «Լոֆթ»ի ստեղծագործական ղեկավարը:

Երեկոյին կը հնչեն Մոցարթի Քուարթեթ ֆլէյտայի, ջութակի, ալտի եւ թաւջութակի համար (տօ մաժէօր K285b), Քուարթեթ ֆլէյտայի, ջութակի, ալտի եւ թաւջութակի համար (րէ մաժէօր K285) եւ Քուարթեթ ֆլէյտայի, ջութակի, ալտի եւ թաւջութակի համար (լա մաժէօր) ստեղծագործութիւնները:

Միրզոյեան վստահեցուց, որ հակավարակային անվտանգութեան եւ ընկերային ապահով հեռաւորութիւնը չխախտելու բոլոր կանոնները կը պահպանուին։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2020