ՆԱԽԱՃԱՇԻՆ ՊԷՏՔ ՉԷ ՕԳՏԱԳՈՐԾԵԼ

Նշուած են նախաճաշի ամենավտանգաւոր մթերքները։ Այսպէս, բժիշկ-սննդագէտ Իննա Քոնոնենքօ նշած է այն մթերքները, որոնց օգտագործումը նախաճաշին կրնան վնասել առողջութեան եւ յանգեցնել ճարպակալման։

Առաջին հերթին մասնագէտը յանձնարարած է նախաճաշէն բացառել արագ եփուող շիլաները (կաթով եւ ալիւրով խիւս, առհասարակ վարսակով), քանի որ անոնք կտրուկ կը բարձրացնեն շաքարի մակարդակը արեան մէջ եւ պատճառ կը դառնան ինսիւլինի արտանետման։

«Իսկ ասոր հետեւանքը կ՚ըլլայ, որ ո՛չ ստամոքսին մէջ կայ այդ շիլան, ո՛չ արեան մէջ՝ կլիւքոզը ու անձը անօթութիւն կը զգայ ու դարձեալ ուտել կ՚ուզէ», բացատրած է բժիշկը։

«Վտանգաւոր նախաճաշեր»ու ցուցակին մէջ յայտ-նըւած են նաեւ միւսլիները եւ փաթիլները՝ կաթի կամ հիւթի մէջ դրուած, սանտուիչները եւ քաղցրաւենիները։ Բացի այդ, Քոնոնենքօ փարատած է թարմ քամուած հիւթերու եւ «սմութի»ներու օգտակարութեան մասին առասպելը: Թէեւ ֆրիւքթոզի քանակութիւնը կախեալ է միրգի տեսակէն: «Մէկ կողմէ՝ կլիւքոզը կայ, իսկ միւս կողմէ՝ ֆրիւքթոզը: Ամբողջ ֆրիւքթոզը արագօրէն կը յայտնուի լեարդի մէջ, ուր կը վերածուի լեարդի ճարպի: Այստեղէն ալ երեւան կ՚ելլէ, որ մենք կը գիրնանք», եզրափակած է բժիշկը։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2020