ՆՈՐ ՇՈՒՆՉ ՄԸ ՈՒՆԵՆԱԼՈՒ ՍՊԱՍՈՒՄ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ տեսաժողով մը ունեցաւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի եւ ԵՄ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ։ Անգարայի աղբիւրներու հաղորդումներով այս տեսաժողովի ընթացքին մանրամասն քննարկման ենթարկուեցան Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւնները ու ծաւալուն ձեւով արժեւորուեցան արեւելեան Միջերկրականի իրադարձութիւնները։ Առցանց այս հանդիպման հետ նոյնաժամանակ հրապարակուեցաւ, որ Թուրքիա եւ Յունաստան որոշած են ի մօտոյ վերսկսիլ ճանաչողական բնոյթով տեսակցութիւններուն։ 1 մարտ 2016 թուականին վերջին անգամ Աթէնքի մէջ տեղի ունեցած էր այս բնոյթով հանդիպում մը, որ 60-րդն էր իր նմաններու շարքին։ Ներկայիս, երկար ընդհատումէ մը վերջ կողմերը որոշած են 61-րդ հանդիպումը իրականացնել եւ այդ մէկը տեղի պիտի ունենայ Իսթանպուլի մէջ։ Երէկուան տեսաժողովը նախորդեց Եւրոմիութեան գագաթաժողովին։ Սեպտեմբերի 24-25-ին նախատեսուած էր այդ գագաթաժողովը։ Թէեւ վերջին պահուն, Շարլ Միշելի քորոնաժահրի համաճարակի բերումով մեկուսացման տակ առնուելուն հետեւանքով գագաթաժողովը յետաձգուեցաւ 1-2 հոկտեմբերին, սակայն երէկուան տեսաժողովի ընթացքին փոխանակուած պատգամները կը շարունակեն ներկայացնել կարեւորութիւն։

Միշելի եւ Մերքէլի հետ հեռավար զրուցելու ժամանակ Էրտողան շեշտեց, որ Թուրքիա միշտ երկխօսութեան եւ բանակցութեան շեշտադրում ըրած է, հակառակ բոլոր սադրանքներուն՝ աչալուրջ ու պաղարիւն դիրքորոշումէ չէ զիջած։ Ըստ իրեն, արեւելեան Միջերկրականի պարագային լարուածութեան նուազեցման եւ երկխօսութեան միջոցներու բանեցման համար այժմ ապահոված յարաբերական թափը պէտք է պահպանուի փոխադարձ քայլերով։

Նախագահ Էրտողան յոյս յայտնեց, թէ 1-2 հոկտեմբերին յետաձգուած գագաթաժողովը նոր շունչ մը կ՚ապահովէ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն համար։ Արդարեւ, եթէ բարեացակամութեամբ շօշափելի քայլեր առնուին Մաքսային միութեան համաձայնութեան, վիզաներու ազատականացման եւ գաղթի պայմանաւորուածութեան նիւթերուն շուրջ, ապա Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւնները վերստին դրական հունի մը կրնան տեղափոխուիլ։ Եթէ ԵՄ Թուրքիոյ հետ առողջ համագործակցութիւն մը զարգացնէ, ապա տարածքաշրջանային խնդիրներու լուծման տեսակէտէ կ՚ապահովուի լուրջ նպաստ մը։ Էրտողան գոհունակութիւն յայտնեց, որ Մերքէլ եւ Միշել ջանք կը գործադրեն՝ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն օրակարգին դրական ազդակներ հաղորդելու համար։

Տեսաժողովի ընթացքին Էրտողան օրակարգի վրայ բերաւ նաեւ արեւելեան Միջերկրականի կապակցութեամբ տարածքաշրջանային խորհրդաժողով մը կազմակերպելու առաջարկը։ Կիպրոսի թուրքերը ներառեալ, բոլոր կողմերու մասնակցութեամբ խորհրդաժողովի մը կազմակերպումը նպաստաւոր կրնայ ըլլալ բոլորին տեսակէտէ եւ առիթ կրնայ հանդիսանալ դրական ու շինիչ որոշումներու ընդունման։

Միւս կողմէ, նախագահ Էրտողան արեւելեան Միջերկրականի իրադրութեան անդրադարձաւ նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր՝ 75-րդ նստաշրջանի բացման փուլին հրապարակուած տեսաուղերձին մէջ։ Այս առթիւ ան շեշտեց, որ ձախողման դատապարտուած են այն բոլոր քայլերը, որոնք կ՚առնուին Թուրքիան վանելու նպատակով։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2020