ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵԱԼ ԲԺԻՇԿՆԵՐ

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին պարգեւատրեց երեք հայազգի բժիշկ՝ քորոնաժահրի համաճարակի դէմ ծաւալուած պայքարի մէջ ցուցաբերուած անձնուրաց ծառայութեան համար։ tert.am-ի հաղորդումներով, Փութին ընդհանուր առմամբ գնահատանքի առարկայ դարձուց քսան բժիշկ, որոնց համար սահմանեց պարգեւներ։ Անոնց շարքին երեքը հայ է՝ Արամայիս Քամալով, Դաւիթ Ասատրեան եւ Ժաննա Յակոբեան։

Հարկ է նշել, որ Արամայիս Քամալով արժանացած է Նեւսքիի շքանշանին։ Ան Մոսկուայի Պետական համալսարանի Բժշկական գիտակրթական կեդրոնի տնօրէնն է ու կ՚անդամակցի Ռուսաստանի Գիտութիւններու ակադեմիային։ Տքթ. Դաւիթ Ասատրեան արժանացած է Փրոկովի շքանշանին, իսկ Ժաննա Յակոբեանին շնորհուած է Ռուսաստանի առողջապահութեան համակարգի վաստակաւոր աշխատակցի պատուաւոր կոչումը։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2020