ՏԱՐԵՑ ԶՈՅԳԸ

Գերմանացի տարեց զոյգ մը խնամուած արտաքինի եւ ոճային զգեստներու շնորհիւ մշտապէս կը յայտնուի հանրութեան ուշադրութեան կեդրոնին։ Այսպէս, Գերմանիոյ մայրաքաղաքը՝ Պերլինի մէջ բնակող զոյգը՝ Պրիտ Քանիա եւ Կիւնթէր Քրապէնհէօֆ, տարեց ըլլալով հանդերձ, աշխոյժ կենսակերպ կը վարեն եւ չեն բացակայիր որեւէ նշանակալի մշակութային եւ հասարակական միջոցառումէ: Աւելի՛ն, ուր որ ալ երթան, անոնք իրենց անթերի արտաքինով եւ ոճային զգեստներով միշտ կ՚առանձնանան բազմութեան մէջ։ Զոյգը տարիներու ընթացքին սորված է համադրել մէկը միւսին զգեստապահարանները եւ ստեղծել կերպարներ, որոնք միշտ նորաձեւ կ՚ըլլան։ Կիւնթէր Քրապէնհէօֆի լուսանկարները քանի մը տարի առաջ մեծ տարածում գտած էին համացանցի մէջ, բազմաթիւներ նոյնիսկ զայն կ՚անուանէին «Հիփսթեր մեծ հայրիկ»։

Քրապէնհէօֆ իր առողջութիւնը կը վերագրէ առողջ ապրելակերպին, մասնաւորապէս՝ պարին, որով սկսած է զբաղիլ տակաւին պատանեկութեան տարիներուն։ 

Անոր խօսքով՝ նորաձեւութիւնը միշտ մեծ տեղ ունեցած է իր կեանքին մէջ։ Իրեն համար նորաձեւութիւնը ներքին եւ արտաքին աշխարհներու ներդաշնակութեան արտացոլումն է։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2020