1692 ՆՈՐ ՎԱՐԱԿԵԱԼ

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտնեց, որ վարակումներու հետեւանքով թոքերու բորբոքման պարագաներու համեմատութիւնը կը շարունակէ նուազիլ Թուրքիոյ մէջ։

Երէկ երեկոյեան, Առողջապահութեան նախարարութիւնը ընկերային ցանցերու միջոցաւ հրապարակեց վերջին վիճակագրական տուեալները։ Այսպէս, Թուրքիոյ մէջ երէկ կատարուեցաւ 114 հազար 311 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1692 նոր վարակեալ։ Նոյն ժամանակահատուածին եւս 65 հոգի զոհ գնաց համաճարակի, իսկ առողջացածներու թիւը եղաւ 1261։ Ներկայ դրութեամբ 1522 հիւանդի կացութիւնը կը գնահատուի ծանր։

«Նախազգուշական միջոցներուն յարմար վարուելով զօրակցինք մեր առողջապահական համակարգի աշխատողներուն, որոնք օր ու գիշեր մեզի համար կը գործեն։ Միասին պիտի յաջողինք», յայտնեց այս առթիւ նախարար Ֆահրետտին Քոճա։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Թուրքիոյ զանազան քաղաքներուն մէջ համաճարակի դէմ պայքարի ծիրէն ներս տարաբնոյթ միջոցներ ձեռք կ՚առնուին՝ ըստ տեղական առաջնահերթութիւններուն։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2020