AIRBUS-ԷՆ ՆՈՐ ՈՍՏՈՒՄ

Airbus ընկերութիւնը տեղեկացուց, որ կը ծրագրէ արտադրել օդանաւեր, որոնք վնասակար կազերու արտահոսք պիտի չունենան, պիտի բանին ջրածինով եւ անոնց արտադրութիւնը պիտի սկսի 2035 թուականին։ Օդանաւերու վառելանիւթի փոխարէն ջրածինով պիտի աշխատին այս նոր օդանաւերը՝ բոլորովին բնապահպանական սկզբունքներուն համակերպելով։ Կարճաժամկէտ թռիչքներու համար ծանօթացուած է առաջին օդանաւը, որ ունի 100 հոգիի տարողութիւն եւ 1700 քիլօմեթր հեռաւորութիւն կրնայ կտրել։ Աւելի ուշ կը ծրագրուի 200 հոգիի տարողութեամբ ժեթերու արտադրութիւնը՝ 3 հազար 700 քիլօմեթր հեռահարութեամբ։

Airbus-ի կողմէ ծանօթացուած օդանաւի պարագային ուշագրաւ էր անոր ձեւաւորումը։ Շնորհիւ այդ ձեւաւորման թէ՛ կը կանխուի վնասակար կազերու արտահոսքը եւ թէ 20 տոկոսով կը կրճատուի վառելանիւթի սպառումը։

2035 թուականին կը ծրագրուի այս նոր օդանաւերու օգտագործումը, մինչ այդ փոքր տարողութեամբ առաջին արտադրութիւններու փորձարկումը նախատեսուած է յաջորդ տարի։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2020