ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ. ՀԱՅԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՃԻՇԴ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՕՐԻՆԱԿ

Իր պաշտօնը լիարժէք կերպով կատարած դիւանագէտը օրերս նոր ծառայութեան կոչուած է։

Խօսքը Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի մօտ աւագ հիւպատոս Արմէն Սարգսեանի մասին է, որ օրերս նշանակուեցաւ Քաթարի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի արժանի պաշտօնին։

Բարդ պաշտօն մըն է երկրի ներկայացուցիչ-դիւանագէտի պաշտօն ստանձնելը, ուր մնաց երբ կը խօսինք պատերազմի ամենածանր օրհասներէն անցած ու հայութեան համար ուրոյն եւ նոյնիսկ ուղենշային դեր եւ դիրքով Հալէպ քաղաքին մասին է, ուր ձեռնհասօրէն եւ ամենայն հմտութեամբ գործեց Արմէն Սարգսեան։ Ուշագրաւ էր նաեւ, որ ան գտնուեցաւ Սուրիա եւ մասնաւորապէս՝ Հալէպ այն ժամանակներուն, երբ Հայաստանը, որպէս խաղաղարար առաքելութիւն իրականացնող երկիր, Սուրիա գործուղղած էր մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող ջոկատ մը։

Անշուշտ փառք ու պատիւ մեր խաղաղապահներուն ու սակրաւորներուն, որոնք մեծ արիասրտութեամբ կատարեցին իրենց ուսերուն դրուած պարտականութիւնը եւ բարձր պահեցին հայու պատիւն ու անունը։

Ուղենշային էր նաեւ այն, որ խաղաղապահներուն Սուրիա ժամանելը ու Հալէպ գործուղղուիլը կը կատարուէր այն պահուն, երբ երկիրը նոր դուրս կու գար իր արիւնալի պայքարներէն, տալով նաեւ «հայկական բուրմունք» մը իր վէրքերը կամաց-կամաց թօթափող հայկական Հալէպին։

Քայլը, որ ինչ-որ տեղ եւ ինչ-որ չափով նաեւ կ՚ամրացնէր հայ-արաբական բարեկամութիւնը, տեղ մըն ալ շունչ ու եռանդ կու տար Հալէպ ապրող մեր հայրենակիցներուն, որոնք հաւատարիմ մնացին իրենց ըմբռնումներուն եւ չլքեցին իրենց օրրանն ու բոյնը։

Այս ընդհանուր պատկերի ետին անշուշտ եղան գործիչներ, որոնք տիւ եւ գիշեր գործելով պահեցին հալէպահայերու, նաեւ խաղաղապահ առաքելութիւն իրականացնող մեր ռազմիկներուն թիկունքը։

Այդ թիկունքը պահողներէն մին էր Արմէն Սարգսեան, որ շնորհիւ իր շրջահայեացութեան, լայնախոհութեան եւ նուիրեալ կեցուածքին շահեցաւ սիրտը ո՛չ միայն Հալէպի հայ գաղութին, այլեւ՝ այդ քաղաքի պատասխանատու մարմիններուն ու տեղի արաբ ղեկավարութեան։

Արմէն Սարգսեան, որ հաւատացողն է Հալէպի վերականգնումին, «Սփութնիք» գործակալութեան այս մասին տակաւին 2019 թուականին խօսելով մասնաւորապէս ըսած էր. «Երեւի թէ, չափազանցութիւն չըլլայ, եթէ ըսեմ, որ պատերազմի հետեւանքով ամենէն շատ տուժած է Հալէպը։ Ամենածանր տարիներուն, երբ քաղաքը կ՚ենթարկուէր ուժգին հրթիռակոծութիւններու եւ հրետակոծութիւններու, հալէպահայ համայնքը ջանքեր կը գործադրէր պահպանելու համար ազգային իր դիմագիծը՝ մայր գաղութը ըլլալու եւ մնալու բարձր անունով։ Պէտք է ուրախութեամբ արձանագրեմ, որ համայնքային բոլոր կառոյցները կ՚աշխատին ամբողջ թափով ու ծաւալով։ Յատկապէս բարձր է ազգային հայրենասիրական ոգին եւ ընդհանուր բարոյահոգեբանական վիճակը։ Ըստ էութեան, պէտք է փաստել, որ հալէպահայութիւնը թեւակոխած է ինքնակազմակերպման ու զարթօնքի նոր փուլ։ Անվտանգութեան այսօրուայ պատկերը որեւէ աղերս չունի Հալէպի ազատագրումէն առաջ գոյութիւն ունեցած վիճակի հետ»։

Եւ այսպէս Հալէպի հանդէպ մեծ յոյսեր փայփայող, այդ հինաւուրց քաղաքի վերականգնումին ու վերածաղկման հանդէպ հաւատք ունեցող ու ամենակարեւորը՝ Հալէպի հայութեան բարեկեցութեան եւ ապահովութեան համար ընթացող գործընթացներուն մէջ իր նեցուկն ու դերը ունեցող յարգարժան դիւանագէտ Արմէն Սարգսեան յաջողութեամբ լի իր պաշտօնավարման օրերը աւարտելով այսօր արդէն կ՚անցնի նոր կարեւոր առաքելութեան մը։

Իբր այդ, աւելի քան վստահ ենք, որ ան նո՛յն եռանդով, նո՛յն ոգիով եւ ամենակարեւորը՝ նոյն հեռատեսութեամբ պիտի շարունակէ իր պաշտօնը Քաթարի Էմիրութեան մէջ, որ շրջանային առումով մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ։

Յաջողութիւն եւ երախտիքի խօսք Արմէն Սարգսեանին, մեր բոլորին կողմէ յարգուած դիւանագէտին ու բարեկամին։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2021