ԵՐԵՍՈՒՆ ՏԱՐՈՒԱՅ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐԸ

Ամերիկացի հետազօտող Ճերըտ Տայմընտ, որու աշխատութեան («Ճգնաժամ. ինչպէ՞ս է ճգնաժամէ դուրս գալու մեքանիզմը») արդէն առիթ ունեցած եմ անդրադառնալու, բազմաթիւ մեքանիզմներու շարքին կը նշէ հետեւեալը. անհրաժեշտ է «ցանկապատ կառուցել»։ Այդ «ցանկապատով» կը տարանջատուի այն, ինչ որ տուեալ երկրէն ներս քիչ թէ շատ կայացած է՝ այն բանէն, որ չէ կայացած եւ ետ կը տանի երկիրը։ Ի հարկէ, այդ բանէն բխած ապագայ գործողութիւններու համար կարեւոր նախապայման է ազնիւ ըլլալը եւ գնահատական տալու ժամանակ՝ քաղաքական շահերու ետեւէն չիյնալը։ Այնպէս չէ, որ Հայաստանի մէջ ամէն ինչ վատ է՝ ինչպէս կը փորձեն ներկայացնել ընդդիմադիրներն ու անոնց համակիրները։ Նշենք, թէ որոնք են մեր ուժեղ կողմերը.

1- Դրամատնային համակարգը, վկայ՝ դրամի յարաբերական կայունութիւնը վերջին մէկուկէս տարուայ ընթացքին,

2- Առողջապահութիւնը, որ, ընդհանուր առմամբ, կը դիմակայէ համավարակին,

3- Մարդկային պաշարը՝ աշխատող մարդոց փորձառութիւնն ու ընդունակութիւնները։ Այդ ցուցանիշով, Համաշխարհային դրամատան մեթոտաբանութեամբ մեր ցուցանիշը միջինէն բարձր է,

4- Կայացման ճանապարհին է դատական համակարգը, որու դէմ, սակայն, գործադիր իշխանութիւնը վերջերս ակնյայտ ոտնձգութիւններ կ՚ընէ,

5- Մեր երկրին մէջ երկու անգամ անընդմէջ տեղի ունեցած են արդար ընտրութիւններ՝ եւս երկու-երեք անգամ կրկնուելու պարագային, այդ խնդիրը օրակարգէն կը հանուի։

Այս բոլորը ցանկապատէն «այս կողմ» է։ Իսկ հիմա խօսինք այն մասին, թէ ինչն է, որ այս երեսուն տարուան մէջ այդպէս ալ չէ կայացած։ Ամենակարեւոր խնդիրն է օթորիթեր համակարգը, որու դէմ «խօսքի մակարդակով» ուղղուած էր 2018 թուականի յեղափոխութիւնը։ Մնացած է ճիշդ նոյնը, ինչ որ, ի դէպ, հարցականի տակ կը դնէ «յեղափոխութիւն» բառը։ Օթորիթեր համակարգի դրսեւորումներէն է, որ խորհրդարանը որեւէ ձեւով չի հակակշռեր գործադիր իշխանութիւնը՝ մեծամասնութիւնը ներկայացնող պատգամաւորներու միակ պարտականութիւնն է «շեֆը» ընդդիմախօսներէն պաշտպանելը (երբեմն նաեւ՝ ոտքերը օգտագործելով)։ Այս մասին շատ խօսուած է եւ դեռ պիտի խօսուի։

Միւս առանցքային խնդիրն է խոշոր գործարարութեան՝ իշխանութենէն անկախ չըլլալը։ Այս բանին վերջին ամենավառ օրինակն է Գագիկ Ծառուկեանի պարագան։ Մօտ տարի մը առաջ ան ըսաւ, որ կառավարութիւնը պէտք է հրաժարական տայ։ Անմիջապէս Ծառուկեանի եւ իր առաջնորդած «Բարգաւաճ Հայաստան»ի կուսակցականներուն դէմ յարուցուեցան բազմաթիւ քրէական գործեր թէ՛ գործարարութեան հետ կապուած եւ թէ ընտրակեղծարարութեան մեղադրանքով։ Իշխանական քարոզչութիւնը այն ժամանակ նոյնիսկ յիշեց քառասուն տարուայ հնութեամբ բռնաբարութեան գործը (ինչ որ, իմ կարծիքով, բարոյապէս անընդունելի է)։ Բայց երբ որ Ծառուկեանն ու «Բարգաւաճ Հայաստան»ը քաղաքական առումով «խելօքացան» (ենթադրաբար, վարչապետի հետ հանդիպելէ յետոյ), այդ բոլորը մոռցուեցաւ եւ հիմա այդ գործարարին ու անոր գործարարութեան ոչինչ կը սպառնայ։ Սա կը վկայէ երկու բանի մասին.

1- Իրաւապահ մարմինները կը շարունակեն կատարել քաղաքական իշխանութեան պատուէրը,

2- Ոեւէ գործարար ապահովագրուած չէ իշխանութեան միջամտութենէն, իշխանութիւնը կրնայ տապալել, ոչնչացնել որեւէ գործարարութիւն, իսկ սա կը նշանակէ, որ Հայաստանի մէջ տակաւին վաղ է խօսելու համար ազատ շուկայի եւ մրցակցութեան մասին։

Անձերը կը փոխուին, բայց երեսուն տարիէ ի վեր գոյութիւն ունեցող խնդիրը կը մնայ նոյնը։

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի 18 սեպտեմբեր 2021 թուակիր համարի

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2021