ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԻՄՆԱԽՆԴԻՐԸ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ԶԱՆԱԶԱՆ ՀԱՐԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎՐԱՅ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՐԿԱՅ

Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր՝ 76-րդ նստաշրջանի բացման փուլի աշխատանքներու ծիրէն ներս անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլիի հետ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, վրացական պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ երկու ղեկավարները զրոյցի ընթացքին քննարկած են Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու ներկայ վիճակը՝ Հարաւային Կովկասի առկայ իրավիճակի համատեսքին մէջ։ Էրտողան եւ Ղարիպաշվիլի ուշադրութեան առարկայ դարձուցած են Թիֆլիզի միջնորդութեամբ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ կատարուած փոխանակումը՝ գերիներու դիմաց ականապատուած տարածքներու քարտէսներու ձեւաչափով։ Ըստ իրենց, այդ փոխանակումը լաւ հիմք մը կը հանդիսանայ հարեւաններու միջեւ համագործակցութեան համար։ Ղարիպաշվիլի նշած է, որ Թիֆլիզի կարեւորագոյն խնդիրը տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութեան ու կայունութեան պահպանումն է։ Վրացական կողմը պատրաստակամ է իր խաղաղարար գործառոյթները կատարել, որպէսզի տարածքաշրջանէ ներս երկարաժամկէտ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատուի։

Նախագահ Էրտողան Նիւ Եորքէ վերադառնալէ կարճ ժամանակ վերջ հանդիպում մը պիտի ունենայ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Այս շրջանին Անգարա հետզհետէ աւելի ընդգծուած կը բարձրաձայնէ Մոսկուայի վերաբերեալ իր տարակարծութիւնները։ Այս իրավիճակին մէջ, ամենայն հաւանականութեամբ, Էրտողան-Փութին ժամադրութեան ընթացքին ալ օրակարգի վրայ գայ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը։

Բաց աստի, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուն ալ Նիւ Եորքի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի առկայ իրավիճակը քննարկեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։ Ուաշինկթընի աղբիւրները հաղորդեցին, որ շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին անոնք երկար զրուցած են Կովկասի՝ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մասին։ «Կը կարծեմ՝ գիտէք, որ Հայաստան-Ատրպէյճան պատերազմէն յետոյ, այս գարնան, ԱՄՆ փորձած է օգտակար ըլլալ անոնց միջեւ խաղաղութեան եւ հաշտութեան խօսակցութեան։ Մենք մասնակցած ենք փոխանակման։ Մեր միջնորդութեամբ փոխանակուած են ականապատ տարածքներու որոշ քարտէսներ, որոնք հայերը յանձնած են ատրպէյճանցիներուն՝ վիճելի տարածքին մէջ ձերբակալուածներու ազատ արձակման համար։ Այսպէսով այժմ հարց կը յառաջանայ՝ արդեօք կրնա՞նք ԱՄՆ-ի աջակցութեամբ, Մինսքեան խմբակի այլ երկիրներու աջակցութեամբ, Թուրքիոյ աջակցութեամբ աւելի շատ նպաստել այս երկու երկիրներու միջեւ լարուածութեան ա՛լ աւելի թուլացման, յետոյ օգնել առնելու համար փոքր քայլեր, որոնք կրնան ճանապարհ հարթել դէպի խաղաղութեան եւ հաշտեցման աւելի լայն գործընթաց», ըսած է ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարարութենէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը։

Նիւ Եորքի մէջ համաձայնութիւն գոյացած է, որ մօտաւոր ապագային Թեհրանի մէջ տեղի ունենայ Չավուշօղլուի, Պայրամովի եւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյին Ամիր Ապտուլլահիանի եռակողմանի հանդիպումը։

Նիւ Եորքի մէջ են նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով։ Յատկանշական է, որ երկու երկիրներու ղեկավարները յետպատերազմեան նուրբ իրավիճակին մէջ բաց թողած են միջազգային այս կարեւոր հարթակին վրայ հանդէս գալու հնարաւորութիւնը։ Նիւ Եորքի մէջ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարի տեղակալ Վիքթորիա Նուլանտ հանդիպում մը ունեցած է Պայրամովի հետ՝ կարծիքներ փոխանակելով տարածքաշրջանային անվտանգութեան հարցերու շուրջ։ Զրուցակիցները քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմէն վերջ գոյացած համաձայնութիւններու կատարման ընթացքը։ Պայրամով պնդած է, որ Պաքու շինիչ քայլերու կը դիմէ, սակայն, հայկական կողմը չի փոխադարձեր։

Պայրամով Նիւ Եորքի մէջ յայտարարեց նաեւ, որ հակամարտութեան կարգաւորումը թոյլ կու տայ կարգաւորել նաեւ յարաբերութիւնները Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ, նոր հնարաւորութիւններ կը բանայ տարածքաշրջանային համագործակցութեան, զարգացման եւ բարեկեցութեան տեսակէտէ։ Ըստ իրեն, պատերազմէն վերջ գոյացած եռակողմանի համաձայնութիւնները կ՚ենթադրեն տարածքաշրջանէ ներս հաղորդակցութիւններու վերաբացումը։ Այսպէս, յստակ ուղղութիւններով աշխատիլ սկսած են Հայաստան, Ռուսաստան եւ Ատրպէյճան՝ տարածքաշրջանէ ներս փոխադրական հաղորդակցութիւններու վերաբացման համար։ Կապերու վերականգնումը զգալիօրէն կ՚արագացնէ առեւտուրն ու փոխադրական հաղորդակցութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի տարածքով, ինչ որ օգուտ պիտի բերէ թէ՛ այդ երկու երկիրներուն եւ թէ անոնց գործընկերներուն։ «Սա կարգաւորման կարեւոր գործօն կը դառնայ, դրական դեր կը խաղայ տարածքաշրջանէ ներս եւ անոր սահմաններէն դուրս խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման ուղղութեամբ», նշեց Պայրամով եւ աւելցուց, որ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու եռակողմանի աշխատանքային խումբը կը զբաղի հաղորդակցութիւններու բացման հարցով եւ աշխատանքի անցած է տարածքաշրջանէ ներս յստակ ուղղութիւններով։ 

Այս օրերուն ծրագրուած է նաեւ Միրզոյեանի եւ Պայրամովի շփումը ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, այլ երկկողմանի հանդիպումներու առընթեր, Նիւ Եորքի մէջ Արարատ Միրզոյեան տեսակցած է համանախագահ երկիրներէն Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարին՝ Ժան-Իվ լը Տրիանի հետ։

Իր կարգին, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Անտրէյ Ռուտենքօ «ԹԱՍՍ» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ յայտարարեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի աշխատանքը կը շարունակուի։ Ըստ իրեն, այս ծիրին մէջ նախատեսուած են Նիւ Եորքի բանակցութիւնները Միրզոյեանի եւ Պայրամովի հետ։ «Եթէ այդ բանակցութիւնները տեղի ունենան, ապա սա լաւ ցուցիչ մը կը դառնայ, թէ երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը գործնական տեսք կը ստանայ։ Մենք կը շարունակենք Մինսքեան խմբակը ընկալել՝ որպէս հաշտութեան գործընթացէն ներս յառաջընթաց ապահովելու կարեւոր միջոց մը», ըսաւ ռուս բարձրաստիճան դիւանագէտը, որու խօսքով՝ շփումները կը շարունակուին, թէեւ անոնք այդքան ալ հրապարակային բնոյթ մը չեն կրեր։ Ռուտենքօ աւելցուց, որ յառաջիկային հանդիպումներ կը նախատեսուին Մինսքեան խմբակի հովանաւորութեան ներքեւ։ 

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2021