ԿԱՐՃ ՊՏՈՅՏ ՄԸ ՔԱՂԱՔԱՄԱՅՐԻՆ ՄԷՋ

Երեւանի փողոցներուն մէջ տակաւին երէկ ծաղկուն երեւոյթ մը հագած կեանքը այսօր նօսրացած է։ Պատճառն է, անշուշտ, վերջին օրերու պատերազմական գործողութիւնները, որոնք քիչ մըն ալ մոխրագոյն երանգ մը տուին Երեւանին։

Առաջուան եռանդը չկայ քաղաքամայրին մէջ, կայ մարդոց հոսքը, կայ տեղաշարժը, կայ բնական կեանք մը վարելու արտաքին պատկերը, սակայն, մեծ հաշուով մարդիկ չեն ժպտար. չեն ժպտար ու անոնց աչքերուն մէջ կը փայլին բազմապիսի ու յաճախ ծանր թանձրութեամբ հարցումներ։

Հարցումներ մանաւանդ վաղուան մասին։ Հարցումներ գալիքին մասին, հարցումներ ըլլալիքին ու մանաւանդ՝ մեծ հարցում մը, որ ի վերջոյ ե՞րբ լռութեան պիտի մատնուին պատերազմի մեծ փողերը։ Ե՞րբ ի վերջոյ պիտի լռեն թնդանօթները եւ խաղաղութեան սպիտակ աղաւնին դարձեալ պիտի թեւածէ հայոց երկինքին։

Ցնցիչ եղան վերջին օրերը, որոնք վստահաբար իրենց ստուերը պիտի տարածեն մեր առօրեային վրայ, պիտի կլանեն մեզ կերպով մը եւ հարցումներու վերածուելով ամէն ատեն պիտի հալածեն մեզ։ Դժբախտաբար, մեր օրը, մեզի պաշարած դէպքերն ու յատկապէս մեր գալիքը կարծես մեր ձեռքերուն մէջ չէ այլեւս։ Մենք ամենաթոյլ օղակն ենք ու տեղ մըն ալ յարմարած ենք այս վիճակին՝ հակառակ անոր, որ շատ յաճախ լսելի կը դառնան անիրական լոզունգներ, որոնք աւելիով կը խորացնեն օդին մէջ պտտող մեծ հարցումներուն ստուերները։

Այս բոլորէն անդին, սակայն, կեանքը կը շարունակուի բազմերանգ Երեւանի մէջ, որ այսօրուան կտրուածքով դարձաւ Հարաւային Կովկասի ամենաբանուկ կէտերէն մին։ Մենք ունեցանք հիասքանչ ամառ, մարդկային մեծ հոսքերով, մեծ եռանդով եւ կարեւոր իրադարձութիւններով լեցուն օրեր։

Այնուամենայնիւ, հարկ է արագ ակնարկ մը նետելով խօսիլ, արձանագրել, թէ ի վերջոյ ովքե՞ր այսօր կ՚ապրին Երեւանի մէջ։

Այս առումով ալ պէտք է նշել, որ կան մեծ թիւով սփիւռքահայեր, որոնք շոգ ամրան ամենաթէժ օրերուն չուզեցին հեռանալ Երեւանէն՝ վայելելու համար Հայաստանի ոսկի աշունը։ Կան տակաւին օտար զբօսաշրջիկներ, որոնք Հայաստան հասած են ամենահեռաւոր կէտերէ, եկած են արեւ փնտռելու ու տեղ մըն ալ պեղելու մեր հինաւուրց երկրի բոլոր տեսակի գանձերը։ Կան, մայթերու վրայ անպակաս են մեր ռուս հիւրերը, որոնցմէ շատ-շատերը արդէն իսկ Հայաստան հասած են անցեալ փետրուարի վերջին օրերուն, երբ ընթացք առաւ Ռուսաստան-Ուքրայնա անվերջանալի թուացեալ աղէտալի պատերազմը։ Կան տակաւին ուքրանացիները, որոնք ի զարմանս մեզմէ շատ շատերուն (եւ հակառակ ամիսներ առաջ Երեւանի փողոցներուն ցոյցեր կատարելու իրողութեան), ընտելացած են ստեղծուած նոր իրավիճակին ու գիշերավայրերու մէջ իրենց ռուս «հակառակորդ»ներուն հետ խաղաղութեան ընդհանուր կենա՜ց մը կը բարձրացնեն։ Կան, անշուշտ, դեռ կը շարունակեն իրենց երթը Սուրիոյ պատերզամի գեհէնէն անցած հալէպահայերը, Դամասկոսի հայերը, Գամիշլիի, Լաթաքիոյ, նոյնիսկ Քեսապի հայերը, որոնք կամաց-կամաց եւ յաճախ առանձինն մանեցին իրենց նոր կեանքի թելերը, գործ հիմնեցին, ընտելացան ու Երեւան մեր քաղաքին տուին նոր երանգ եւ նոր բոյր։ Կան մեր պարսիկ հարեւանները, որոնց հոսքը առաջուան նման աշխոյժ չէ, յստակ պատճառ մը չկայ, բայց անոնք աւելիով կը նախընտրեն աշնան ու վաղ գարնան այցելել Երեւան ու իրենց արձակուրդի օրերը անցընել մեր մօտ։ Կան տանջուած Լիբանանի հայերը, իմ հայրենակիցներս, որոնք յարաշարժ են, անցած են մեծ տագնապներէ, տեսած են անկում, մահ, պայթում ու աւեր եւ որոնք մեծ յոյսերով եկած-հասած են Երեւան։ Յարաշարժ են յար եւ նման տանջուած Լիբանանի վիճակներուն, նաեւ անոր համար, որ կախուած են օդին մէջ ու կը սպասեն յոյսի դռան մը, որպէսզի կարողանան իրենց Պէյրութի մէջ պահ դրուած աւանդները փրկել ու ապահով եւ ջերմ երդիք մը կազմել Երեւանի երկինքին տակ։

Այս բոլորը կան, կան նաեւ մեր բնիկ հայրենակիցները, որոնք դարձեալ բազմաշերտ են, որոնք տարբեր երանգներով, տարբեր հոգսերով եւ տարբեր դրոյթներով կը կազմեն մեր քաղաքի ամբողջական մեծ խճանկարը եւ ամբողջութեան մը կը տանին մեր բազմապիսի եւ բազմերանգ ընկալումները։

Այսպիսին է այսօրուան Երեւանը, որուն մէջ ալ, անշուշտ, կայ փոքրիկ ովասիս մը, որ ինծի համար շատ սիրելի պոլսահայերու կերտածն է, որ սակայն կը կարօտի մշտական կեդրոնի մը՝ աւելի ներկայացուցչական եւ աւելի անմիջական դարձնելու համար անոնց ներկայութիւնը քաղաքամայրին մէջ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 23, 2022